Եւրոպական խորհուրդի քաղաքական եւ ապահովական հարցերու յանձնաժողովը համաձայնութիւն տուած է Հայաստանի մէջ Եւորպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան աջակցելու` Գանատայի առաջարկին:
Այս մասին նշուած է յանձնաժողովի 18 Յուլիսի որոշումին մէջ:
«Գանատայի ներդրումը Հայաստանի մէջ Եւրոպական միութեան առաքելութեանն ընդունուած ու նշանակալի է։ Գանատան ազատուած է առաքելութեան պիւտճէ կատարուող նիւթական ներդրումներէն»,-ըսուած է որոշման մէջ։
Որոշումը արդէն ուժի մէջ մտած է: