image

Գանատահայ մտաւորական Մարգար Շարապխանեանի կորուստը՝ Հայաստանի մէջ (Լուսանկար)

Գանատահայ մտաւորական Մարգար Շարապխանեանի կորուստը՝ Հայաստանի մէջ (Լուսանկար)

 Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է գանատահայ (արմատներով Եգիպտոսէն) մտաւորական, երկար տարիներու կրթական մշակ՝ Մարգար Շարապխանեանը։

 Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ համացանցէն։ Նշենք, որ Շարապխանեան վերջին ամեակներուն մշտական բնակութիւն հաստատած էր Հայաստանի մէջ ու կը բնակէր Ուշի գիւղին մէջ։

տորեւ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Գանատայի Թորոնթո քաղաքի ամէնօրեայ հայկական վարժարանի այդ առթիւ հրապարակած գրութիւնը, յիշեցնելով նաեւ, որ Շարապխանեան երկար տարիներ այնտեղ վարած էր տնօրէնի պաշտօն։

 

ՀՕՄի Ամէնօրեայ Վարժարանի կրթական մարմինը, տնօրէնութիւնն ու անձնակազմը, սրտի խոր կսկիծով, կը յայտնեն վարժարանի հիմնադիր տնօրէն՝ Պարոն Մարգար Շարապխանեանի մահը, որ պատահեցաւ այսօր՝ շաբաթ, 19 օգոստոսին, Հայաստանի մէջ:

Պարոն Մարգար, իր երկարամեայ տնօրէնութեան ընթացքին, կերտեց հայասէր, հայրենասէր եւ ինքնութեամբ հպարտ հայ ազգի սերունդներ, որոնցմէ շատեր հետեւելով իր օրինակին, այսօր կը շարունակեն հայակերտումի իր ազգային սուրբ գործը՝ հայ համայնքի զանազան մարզերէն ներս: Հայ դպրոցն ու հայ աշակերտը բիւր յարգանքով կը խոնարհին իր տարիներու վաստակին առջեւ։

Վարձքդ կատա՛ր, մեր բոլորին սիրելի Պարոն Տնօրէն: Ձեր զգայացունց բառերով կազմուած ՀՕՄի Ամէնօրեայ Վարժարանի քայլերգը պիտի շարունակէ արձագանգել մեր դպրոցի պատերէն ներս ներշնչելով իւրաքանչիւր հայ աշակերտին՝ նեցուկ կանգնելու իր ազգին եւ հայրենիքին:

«Մեր պատմութեան մենք գիտակից`

Կը քալենք դէպ ապագան,

Ու Հայ Դատին եւ մեր ազգին,

Կ'ուխտենք մնալ միշտ պահապան։»

Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը փոխանցենք իր տիկնոջ՝ Տիկին Էլիզին, զաւակներուն եւ հարազատներուն: 

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի