image
Հրատապ լուրեր:

G7-էն խստաոճ յայտարարութիւն Ռուսաստանի դէմ

G7-էն խստաոճ յայտարարութիւն Ռուսաստանի  դէմ

Մեծ եօթեակի երկիրները (G7) յայտարարած են, որ Ռուսաստանը պատասխանատուութիւն պիտի կրէ որեւէ վնասի համար, որ իր գործողութիւններով հասցուցած է Ուքրանիոյ, անոր բնակիչներուն, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններուն ու անոնց սեփականութեան: Այդ մասին կ'ըսուի «Եօթեակ»ի արտաքին գործերու նախարարներու առցանց հանդիպման արդիւնքով համատեղ յայտարարութեան մէջ:

«Ռուսաստանը պատասխանատուութիւն պիտի կրէ որեւէ վնասի համար, որ հասցուցած է ռազմական յարձակման հետեւանքով Ուքրանիոյ ու անոր բնակչութեան, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններուն եւ անոնց սեփականութեան», նշուած է բնագրին մէջ: Ընդ որում` կը նշուի, որ G7 երկիրները մասնամասն քննարկած են հետագայ վճռական միջոցները Ուքրանիոյ եւ անոր ժողովուրդին աջակցելու հարցով, այդ շարքին` անվտանգութեան ոլորտին մէջ եւ կիպերտարածութիւնը պաշտպանելու հարցերով, ինչպէս նաեւ ապատեղեկատուութեան դէմ պայքարին մէջ: «Անոնք [G7-ի արտաքին գործոց նախարարները] պարտաւորուած են մեծցնել մարդասիրական օգնութեան ծաւալը` ըստ կարիքի», կ'ընդգծուի բնագրին մէջ:

G7-ը նաեւ չի ճանչնար սթաթուս-քօ-ի փոփոխութիւնը, որ տեղի կ'ունենայ Ուքրանիոյ մէջ ՌԴ-ի գործողութեան արդիւնքով: Ընդ որում` կը նշուի, որ G7-ի ԱԳՆ ղեկավարները պայմանաւորուած են սերտօրէն համակարգել իրենց գործողութիւնները` նպատակ ունենալով ապահովել Ռուսաստանի չարդարացուած վարքի լայն եւ վճռական միջազգային դատապարտումը»:

«Նախարարները կոչ ըրած են ՄԱԿ-ի անդամ բոլոր պետութիւններուն յստակ դիրքորոշում ձեւաւորել ռուսական յարձակման նկատմամբ եւ դատապարտած անոր գործողութիւնները ՄԱԿ-ի մէջ, յատկապէս` ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Վեհաժողովին եւ Մարդու իրաւունքներու խորհրդին մէջ», կ'ընդգծուի յայտարարութեան մէջ:

Անոնք դարձեալ համերաշխութիւն յայտնած են Ուքրանիոյ ժողովուրդին: Բացի այդ, «Եօթեակ»ի երկիրներու ԱԳՆ ղեկավարները կրկին դատապարտած են Ուքրանիոյ մէջ Ռուսաստանի գործողութիւնները ու կոչ ըրած են ՌԴ-ին անյապաղ դադրեցնելու շարունակուող յարձակումը Ուքրանիոյ, անոր քաղաքացիական բնակչութեան եւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքին վրայ, ինչպէս նաեւ անյապաղ դուրս բերելու իր զինուած ուժերը: