Ֆրանսայի մէջ, գործատէրերը լաւ գիտեն, որ իրենց ստիպողական վճարումներէն մէկն ալ վարժեցման հարկն (taxe d՛apprentissage) է եւ կը փորձեն ըստ կարելւոյն՝ լաւագոյն նպատակի ծառայեցնել զայն:
Հիմա, յարմարագոյն առիթ մը կը ներկայանայ այն հաստատութիւններուն, որոնք նախանձախնդիր են իրենց պաշտօնէութեան հայերէնի իմացութեան կատարելագործումով:
Արդարեւ, շնորհիւ INALCO-ի մշակած մէկ ծրագիրին, որ առաջին փուլին ուղղուած է դաստիարակներուն եւ ապագային պիտի ընդլայնուի նաեւ այլ արհեստներու, ինչպէս լրագրութեան, ծրագիրներու ղեկավարման, բազմալեզու հրատարակչութեան եւ այլն, կարելի կը դառնայ այդ վարժեցման հարկը վճարել ի շահ հայերէնին եւ այդպիսով նաեւ նպաստել INALCO-ին:
Այս կարգադրութեան նախաձեռնողն է INALCO-ի հայկական ուսմանց բաժինի պատասխանատու Անահիտ Տօնապետեան: