image

ֆրանսայէն նախաձեռնութիւն. Սահմանագծումը միայն ՄԱԿ-ի ճանապարհով

ֆրանսայէն նախաձեռնութիւն. Սահմանագծումը միայն ՄԱԿ-ի ճանապարհով

 

Էլիզեան պալատը ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հեռաձայնային զրոյցի առնչութեամբ յայտարարած է, որ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան վերականգնման նպատակով իրավիճակը հնարաւոր է կարգաւորել ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի միջոցով։

 

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնբրես»-ը, Էլիզեան պալատը, մասնաւորապէս, ընդգծած է. «Էմանուէլ Մաքրոնը վերահաստատած է Ֆրանսայի հաւատարմութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ եւ շեշտած է Հայաստանի գերիշխան անկախ տարածքէն ատրպէյճանական զինուած ուժերը անյապաղ դուրս բերելու անհրաժեշտութիւնը»: