image

Ֆրանսան՝ Մտահոգ

Ֆրանսան՝ Մտահոգ

Ֆրանսան խոր մտահոգութիւն յայտնած է Հայաստանի տարածքին՝ Տեղ բնակավայրի մօտ տեղի ունեցած բռնութեան կապակցութեամբ։

Այս մասին ըսուած է Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

«Ֆրանսան խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ ապրիլ 11-ին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին, Հայաստանի տարածքին՝ Տեղ բնակավայրի մօտ տեղի ունեցած բռնութեան կապակցութեամբ, որու հետեւանքով երկու կողմէն զոհեր եւ վիրաւորներ կան։

Սա կը յիշեցնէ, որ սահմանազատումը պէտք է իրականացուի բացառապէս բանակցութիւններու միջոցով եւ կողմերուն կոչ կ'ընենք շարունակելու ջանքերն այդ ուղղութեամբ։ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ յարգանքը եւ շփման գիծի հայկական կողմի բռնագրաւուած դիրքերէն ատրպէյճանական ուժերու դուրսբերումը էական նշանակութիւն ունին ապագայ միջադէպերը կանխելու եւ տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հիմքերը պահպանելու համար»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։