image

Ֆրանսացի պատմասաց Ֆրէտէրիք Տիւվուա այցելած է Մեսրոպեան վարժարան

Ֆրանսացի պատմասաց Ֆրէտէրիք Տիւվուա այցելած է Մեսրոպեան վարժարան

Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ  Մեսրոպեան  Վարժարանի  տեղեկատւուական գրասենեակէն վերահասու կը դառնանք, թէ վարժարանի 6-րդ դասարանի աշակերտները Մայիս 13-ին օգտաշատ, հաճելի եւ շատ հետաքրքրական պահ մը անցուցին ֆրանսացի պատմասաց եւ գիրքերու հեղինակ Frédéric Duvaud-ի հետ: 

Frédéric Duvaud իւրայատուկ ոճով մեր աշակերտներուն ներկայացուց իր հեղինակած պատմութիւններէն մէկը, եւ այդպիսով անոնց ծանօթացուց պատմութիւն պատմելու արուեստը: 

Մեր աշակերտները մեծ խանդավառութիւն ցոյց տուին հանդիպումին առիթով, արժանանալով հեղինակի բարձր գնահատանքին: