image

Ֆրանսացի պատգամաւորը հասած է մինչեւ Հայաստան-Արցախ սահմանային անցակէտ

Ֆրանսացի պատգամաւորը հասած է մինչեւ Հայաստան-Արցախ սահմանային անցակէտ

Սիւնիքի մարզպետ Ռոպերթ Ղուկասեան, 11 փետրուարին, Գորիսի մէջ հանդիպած է Սիւնիք ժամանած՝ Եւրոխորհրդարանի ֆրանսացի պատգամաւոր, Եւրոխորհրդարանի մէջ «Les Républicains - LR» կուսակցութեան պատուիրակութեան ղեկավար Ֆրանսուա-Քզաւիէ Պելամինին։ Այս մասին յայտնած են Սիւնիքի մարզպետարանէն:

Մարզպետը անոր ուղեկցած է Հայաստանը Արցախին կապող ճանապարհի սահմանային անցակէտ, ինչպէս նաեւ ճանապարհի փակ ըլլալու պատճառով Գորիսի մէջ ժամանակաւորապէս ապաստանած արցախցիներու հետ հանդիպման։

Պաշտօնեաները նաեւ առանձնազրոյց ունեցած են, որու ընթացքին ֆրանսացի հիւրը Ռ․Ղուկասեանէն տեղեկացած է մարզի մէջ ստեղծուած կացութեան մասին։

Պարոն Պելամինը յառաջիկային Եւրոխորհրդարանի մէջ ելոյթ պէտք է ունենայ Բերձորի միջանցքի փակ ըլլալու եւ ատոր հետեւանքներու թեմայով ու Սիւնիք եկած է, որ անձամբ տեսնէ այստեղ կատարուողը․ անոր կը հետաքրքրէր թէ՛ Սիւնիքի սահմաններու, թէ՛ Արցախ-Հայաստան ճանապարհի իրավիճակը։

Այցելելով սահմանակէտ՝ ան արձանագրած է, որ ճանապարհը փակ է, ու քաղաքացիները այդտեղով անցնիլ չեն կրնար։ Իսկ Գորիս բնակող արցախցիները պատգամաւորին ներկայացուցած են իրենց ամենանուիրական ցանկութիւնը՝ վերադառնալ հայրենիք՝ հակառակ այնտեղ ներկայիս առկայ ծանր ընկերային-տնտեսական կացութեանն ու մարդասիրական ճգնաժամին։

Ըստ Ռոպերթ Ղուկասեանի՝ Ֆրանսուա-Քզաւիէ Պելամինը այսպիսով ցոյց կու տայ, որ իր երկիրը հայ ժողովուրդի կողքին է․ «Ու սա յստակ ազդակ է, որովհետեւ նա առաջին պաշտօնեան չէ, որ այցելում է Սիւնիք․ սրանով Ֆրանսան յստակ ազդարարում է, որ բոլոր մակարդակներում աջակցում է Հայաստանին»։

Մարզպետը նաեւ հարցազրոյց տուած է պատգամաւորին ուղեկցող ֆրանսական լրատուամիջոցներուն։