image
Հրատապ լուրեր:

ֆրանչիսկոս Պապի բժիշկը մահացած է թագաժահրէն

ֆրանչիսկոս Պապի բժիշկը մահացած է  թագաժահրէն

Հռոմի ֆրանչիսկոս Պապի  անձնական բժիշկը՝  Ֆապրիցիո Սոքորսին, մահացած է ուռուցքի հիւանդութեան բարդութենէ, թագաժահր վարակի հետեւանքով։ Այս մասին յայտնած է Vatican News-ը։

«78-ամեայ բժիշկը ուռուցքի հիւանդութեամբ տեղափոխուած է Հռոմի Ճեմելլի հիւանդանոցը, ուր  մահացած է COVID-19-ի հետ կապուած բարդութիւններէ», – ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։,

Յիշեցնենք, որ Հռոմի ֆրանչիսկոս Պապը յայտնած է, որ թագաժահրի դէմ պիտի պատուաստուի յաջորդ շաբաթ։