Գերմանիոյ նախկին արտաքին գործերու նախարար եւ հիւպատոսի օգնական Յոշկա Ֆիշէր, անդրադառնալով Մերձաւոր Արեւելքի մէջ «Արաբական գարուն»-էն ետք ստեղծուած իրավիճակին, նշած է, որ «Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան» (ԱԶԿ-AKP) գլխաւորութեամբ Թուրքիան կը վերադառնայ Եւրոպայի «հիւանդ մարդու» կարգավիճակին:
2011թ. Թուրքիոյ որպէս իսլամական ժողովրդավարութեան յաջողած ձեւ բնութագրող գործիչը կը կարծէ, որ վերջին 7 տարիներուն Թուրքիան մեծ յետընթաց ապրած է՝ արժանանալով նոյն տիտղոսին, որուն արժանացած էր 19-րդ դարու վերջին եւ 20-րդ դարու սկզբը:
Ֆիշէր նաեւ արտայայտած է այն տեսակէտը, որ ռազմավարական իր դիրքի, տնտեսական եւ մարդկային ներուժի շնորհիւ Թուրքիոյ 21-րդ դարուն փայլուն ապագայ կը սպասուէր, սակայն ազգայնականութեան եւ արեւելեան բարքերուն միտուած մօտեցումներու պատճառով Թուրքիան կը շարժի դէպի 19-րդ դար:
Ըստ Ֆիշէրի՝ Էրտողան շատ մեծ հնարաւորւորութիւն ունէր Եւրոպային ամբողջացնելու առումով, սակայն տապալեց այդ գործընթացը:
Այնուամենայնիւ, Ֆիշէր այն կարծիքին է, որ անկայուն Թուրքիան Եւրոպայի համար ցանկալի չէ, քանի որ Եւրոպայի անվտանգութիւնը մեծապէս կախուած է Թուրքիոյ կայունութենէն: