Մոսկուան կը տեսնէ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ պայմանաւորուածութիւններու գործընթացին միջամտելու ԵՄ-ի յամառ փորձերը: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան:
«Այո՛, մենք կը տեսնենք ամենաբարձր մակարդակով եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու գործընթացին միջամտելու ԵՄ-ի յամառ փորձերը, կ'ակնկալենք, որ Պրիւքսէլը պիտի օգնէ զանոնք կեանքի կոչելու, եթէ այդքան կ'ուզէ, այլ ոչ թէ աշխարհաքաղաքական խաղեր խաղալ, որ դա արդէն մենք չենք ուզեր», ըսած է ան:
Զախարովան նշած է, որ Ռուսիոյ ռազմավարական նպատակը Հարաւային Կովկասը կայունութեան եւ բարգաւաճման գօտիի վերածելը եւ այդ գործընթացին նպաստելն է: «Այդ ճանապարհին առանցքային խնդիրներէն մէկը Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններու համապարփակ կարգաւորումն է` կայուն խաղաղութեան հաստատման համար: Այս ուղղութեամբ ջանքերուն հիմքը առաջնորդներու եռակողմ պայմանաւորուածութիւններն են, որոնց մասին մենք բազմիցս խօսած ենք եւ որոնք հետեւողականօրէն կ'իրականացուին: Ռուսիան աջակցութիւն կը ցուցաբերէ Երեւանին եւ Պաքուին բոլոր ուղղութիւններով, այդ շարքին` ճանապարհային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման, սահմաններու սահմանազատման, հանրային կապերու հաստատման եւ խաղաղութեան պայմանագրի մշակման հարցով», ըսած է Զախարովան: