Մեկնաբանելով Արցախի բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ հայկական պատմամշակութային ժառանգութիւնը ոչնչացնելու եւ իւրացնելու Ատրպէյճանի Մշակոյթի նախարարութեան գայթակղեցուցիչ նախաձեռնութիւնը` Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորները դատապարտած են հայկական եկեղեցիները որպէս «ալպանական» ներկայացնելու եւ հայկական հետքերը վերացնելու Ատրպէյճանի Մշակոյթի նախարարութեան նախաձեռնութիւնները:
«Միջազգային հանրութիւնը պէտք է հիմա սկսի գործել: Մենք պէտք է դատապարտենք եւ կասեցնենք Արցախի մէջ հայկական պատմամշակութային ժառանգութիւնը կեղծելու, խեղաթիւրելու կամ ոչնչացնելու որեւէ փորձ», Թուիթըրով գրած է Եւրոխորհրդարանի կիպրացի պատգամաւոր Տեմեթրիս Փափատաքիսը:
Հոլանտայէն պատգամաւոր Փիթըր վան Տալէնը Թուիթըրով գրած է, որ Ալիեւի յանցագործութիւնները սահմաններ չունին. «Ատրպէյճանը յայտարարած է, որ կը ծրագրէ ջնջել հայկական հետքերը եկեղեցիներէն: Եւրոխորհրդարանը, Ֆրանսուա Ալֆոնսը (Եւրոխորհրդարանի անդամ) եւ Սիլվի Կիյոմը (Եւրոխորհրդարանի անդամ) պէտք է դատապարտեն այս մշակութային ցեղասպանութիւնը»: