image

Էտուարտ Նալպանտեան եւ Ուալիտ Մուալլեմ շնորհաւորական նամակներ փոխանակած են

Էտուարտ Նալպանտեան եւ Ուալիտ Մուալլեմ շնորհաւորական նամակներ փոխանակած են

Հայաստան-Սուրիա դիւանագիտական յարաբերութիւններու 25-ամեակին առիթով Սուրիոյ եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներ՝ Ուալիտ Մուալլեմ եւ Էտուարտ Նալպանտեան շնորհաւորական նամակներ փոխանակած են։ Այս մասին կը գրէ սուրիական ՍԱՆԱ լրատուական գործակալութիւնը:

Մուալլեմ իր նամակին մէջ նշած է, որ երկու երկիրներու դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը կը մարմնաւորէ Սուրիոյ եւ Հայաստանի ժողովուրդներու պատմական յարաբերութիւնները։ Ան դրուատած է Հայաստանի զօրակցութիւնը Սուրիոյ՝ ահաբեկչութեան դէմ իր պատերազմին ընթացքին։

Իր կարգին Նալպանտեան բարձրօրէն գնահատած է Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայերուն նկատմամբ Սուրիոյ ժողովուրդին ցուցաբերած մարդկային ջերմ մօտեցումը՝ շեշտելով Սուրիոյ մէջ անվտանգութեան եւ խաղաղութեան հաստատման եւ միջազգային ահաբեկչութեան դատապարտման կարեւորութիւնը։

Նախարարները պատրաստակամութիւն յայտնած են զարկ տալու Սուրիա- Հայաստան բազմակողմանի Գործակցութեան զարգացման: