image

Եթէ թոյլ տանք, որ մեծ երկիրը ներխուժէ եւ տիրէ աւելի փոքրին, աշխարհը կը սկսի նման պատերազմներու «բաց սեզոն». Պլինքըն

Եթէ թոյլ տանք, որ մեծ երկիրը ներխուժէ եւ տիրէ աւելի փոքրին, աշխարհը կը սկսի նման պատերազմներու «բաց սեզոն». Պլինքըն

Եթէ ԱՄՆ թոյլ տայ Ռուսիոյ կողմէ Ուքրանիոյ գրաւումը, ապա այդ պիտի յանգեցնէ՝ աշխարհի մէջ նման պատերազմներու «սեզոնի բացման» ։ Այս մասին յայտարարած է ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն, գրած է Reuters-ը։

«Եթէ մենք թոյլ տանք, որ մեծ երկիր մը ծաղրէ աւելի փոքրը, պարզապէս ներխուժէ եւ առանց դիմադրութեան տիրէ անոր տարածքին, ապա այդ կը նշանակէ նման պատերազմներու «բաց սեզոն» յայտարարել, ոչ միայն Եւրոպայի, այլեւ ամբողջ աշխարհի մէջ», - ըսած է Պլինքըն։

Պետական քարտուղարը նաեւ աւելցուցած է, որ Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ պատերազմը կը սպառնայ միջազգային համակարգի հիմնարար սկզբունքներուն։ Այդ իսկ պատճառով այժմ կարեւոր է դիմակայել ռուսական յարձակումը: