Հինգշաբթի օր յարձակում գործուած է Երուսաղէմի «Կովերու պարտէզ» անունով յայտնի հողամասին ուղղութեամբ։
Համացանցէն քաղելով մեր տեղեկութիւնները նշենք, որ յարձակումը գործուած է շուրջ անձերով, որոնք եղած են դիմակաւոր եւ իրենց ձեռքերուն ունեցած «ելեկտրահար» լարեր, բիրեր եւ սուր գործիքներ։
Կը հաղորդուի նաեւ, որ կարճատեւ բախում մը եղած է այնտեղ գտնուող մեր հայրենակիցներուն եւ յարձակողներուն միջեւ։
«Արեւելք»ի ըներցողներուն յիշեցնենք, որ այս առաջին անգամը չէ, որ նմանօրինակ յարձակում կը գործուի «Կովերու պարտէզ»ին ուղղութեամբ, բայց եւ այնպէս այս անգամուան գրոհը իր տարողութեամբ կը տարբերի միւս մասնակի բախումներէն։
«Կովերու պարտէզ»ի խնդիրը աւելիով կը շեշտուէր այն պահէն սկսեալ, երբ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան արք. Մանուկեան չեղեալ կը համարէր իսրայէլացի գործածարին հետ կնքուած գործարքը ու նաեւ տարբեր առիթներով հանրութեան կը վստահեցնէր, որ այդ գործարքը այլեւս ի զօրու չէ եւ Պատրիարքութիւնը ամէն ճիգ ի գործ պիտի դնէ խնդիրը իրաւական հարթութեամբ լուծելու համար։
Ուշագրաւ է այն, որ «Կովերու պարտէզ»ի գործարքին գծով կան հանրութիւնէն թաքուն պահուած մանրամասնութիւններ, որոնք ըստ երեւոյթին ի վնաս կը գործեն են Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան ու հայկական համայնքի շահերուն։
Երուսաղէմի մէջ. Յարձակած են «Կովերու պարտէզ»ի ուղղութեամբ @arevelk1 pic.twitter.com/E2FmBD2KKy
— arevelk.am (@arevelk1) December 28, 2023