Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նեթանիահուն յուլիսին պիտի այցելէ Անգարա, ուր պիտի հանդիպի Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի հետ։ Այս մասին գրած է Bloomberg-ը՝ յղում ընելով իր աղբիւրներուն։
Առաջնորդները շարք մը քայլեր պիտի ձեռնարկեն երկկողմ կապերու բարելաւման ուղղութեամբ։ Գործակալութեան տուեալներով՝ բանակցութիւններու թեմաներէն մէկը պիտի ըլլայ Թուրքիոյ տարածքով իսրայէլեան կազի մատակարարումը Եւրոպա։
Նշուած է, որ Թուրքիան եւ Իսրայէլը, որոնք ժամանակին մերձաւոր ռազմական դաշնակիցներ էին, աւելի քան մէկ տասնամեակ լարուածութենէն ետք երթալով աւելի կը համագործակցին զբօսաշրջութեան ու գործարարութեան ոլորտներու մէջ: