image

Էրտողան հաստատած է Փութինի՝ Թուրքիա սպասուող այցը

Էրտողան հաստատած է Փութինի՝ Թուրքիա սպասուող այցը

Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը պիտի այցելէ Թուրքիա, սակայն անոր այցի ժամկէտը դեռ որոշուած չէ։ Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը, յայտնած է NTV հեռուստաալիքը։ 

«Մենք յաճախ կը զանգենք պարոն Փութինին։ Անոր Թուրքիա այցի ժամկէտը դեռ որոշուած չէ։ Կը կարծեմ, որ այս հարցը պէտք է հնարաւորինս արագ պարզաբանուի»,-ըսած է Էրտողանը։

Ռուսիոյ նախագահի այցը Թուրքիա կը քննարկուի արդէն քանի մը ամիս։ Վերջին անգամ Փութին այնտեղ հանդիպած է Էրտողանի հետ անցեալ տարուան սեպտեմբերին, որմէ ետք անոնք քանի մը հեռախօսազրոյց ունեցած են։