Կազմաւորման շրջան մը՝ երկու ծայրայեղութիւններու միջեւ
Մարդ-անհատի կազմաւորման շրջանը՝ թէ հոգեպէս ու մտայնապէս եւ թէ ալ կենսաբանականօրէն, կը հանդիսանան իր պատանեկութեան տարիները:
Պատանեկանութիւնը, անցումային տարեշրջան մըն է՝ արբունքէն դէպի չափահասութիւն:
Պատանեկութեան ընթացքին մարդ-անհատին հանդիպած մարտահրաւէրները, դժուարութիւնները, ճնշումներն ու սպառնալիքները կ'ազդեն անոր չափահաս տարիքի կազմաւորման վրայ, թէ՛ ուղղակի եւ թէ՛ անուղղակի:
Այս տարի (2021) Իրաքէն գաղթելուս վեց տարի կ'ըլլայ:
Այս յօդուածը առիթ մը կ'ընծայէ պատմելու, արծարծելու եւ լուսաբանելու հանրութեան, թէ ինչու 2014 թուականը հրաբխային թուական մըն էր Իրաքի պատմութեան եւ սեւ էջ մը՝ մարդկութեան պատմութեան օրացոյցին մէջ:
Իրաքը, որ հարուստ է իր կրօնադաւանական ու ցեղային պատկանելիութիւններու զանազանութեամբ, այդ թուականին հրաժեշտ տուաւ բազմազան ու բազմամշակութային երկիր ըլլալու հանգամանքին:
Օրաթերթ կամ ամսաթերթ ընթերցողները, հեռուստատեսային լուրերու կայաններ դիտողները կամ ընկերային ցանցերու վրայ լրատուական էջերու հետեւորդները բոլորն ալ տեսան կամ կարդացին, թէ ինչպէս մարդկային քաղաքակրթութեան ծնունդ-ժառանգորդ Մուսուլը (Իրաքի երրորդ ամէնէն մեծ քաղաքը) գրաւուեցաւ ՏԱՀԷՇի (կրճատում արաբերէնի՝ Իրաքի եւ ալ Շամի իսլամական պետութիւն) կողմէ, թէ ինչպէս Մուսուլի եւ անոր շրջակայքը հազարաւոր տարիներէ ապրող բնիկ ասորի բնակչութիւնը բնաջնջուեցաւ մէկ օրուան ընթացքին, ինչպէս Եզիտի ցեղային-կրօնական բնակչութիւնը ենթարկուեցաւ ջարդի, ստրկացման ու բնաջնջման եւ ինչպէս ասորիներու կայսրութեան եւ Աբբասեան ու Օմայեան խալիֆայութիւններու օրերէն մնացած պատմական յուշարձանները հրկիզուեցան, սրբապղծուեցան կամ քանդուեցան:
Այս յօդուածով կ'ուզեմ երթալ վեց տարի առաջ եւ անդրադառնալ ոչ թէ այն նիւթերուն, որոնք շռայլօրէն կը ներկայացուէին կամ կը գրուէին ընկերային ցանցերու, հեռուստակայաններու կամ թերթերու-ամսաթերթերու մէջ, այլ՝ Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատին:
Բայց ո՞րն է Պաղտատի իւրայատկութիւնը:
Պաղտատը Իրաքի մայրաքաղաք ըլլալէն աւելի, բոյնն է Իրաքի բնակչութեան տարբեր ցեղային ու կրօնադաւանական պատկանելութիւններ ունեցող խմբաւորումներու: Միայն Պաղտատի մէջ էր, որ արաբը, քիւրտը, թուրքմէնը, ասորին, հայը, իսլամը (ըլլայ շիա կամ սիւննի), քրիստնեան եւ եզիտին միասին կ'ապրէին նոյն թաղամասերուն մէջ, կը յաճախէին նոյն դպրոցները, համալսարաններն ու գործավայրերը:
Եզրակացնելով՝ Պաղտատը Իրաքի բազմազանութեան ու բազմամշակութայնութեան երեսն էր:
Բարեբախտաբար թէ դժբախտաբար, այդ ճակատագրական տարիները անցուցի Պաղտատի մէջ:
Պաղտատը, որուն տարածութիւնը 204,2 քմ² է, կը բաղկանայ երկու վարչական շրջաններէ՝ Ալ-Քարխ (կը գտնուի Տիգրիս գետին արեւմտեան ափին) եւ Ալ-Ռասաֆա (կը գտնուի Տիգրիս գետին արեւելեան ափին): Առաջինին բնակչութիւնը կը կազմէ սիւննի կրօնադաւան համայնքը, իսկ երկրորդինը՝ շիա:
Ապրելով Ալ-Ռասաֆա վարչական շրջանին մէջ (որու բնակչութեան մեծամասնութիւնը շիա ըլլալով հանդերձ, նաեւ բոյնն էր բազմազանութեան), ականատես եղայ երկու ծայրայեղական խմբաւորումներու՝ թէ՛ շիա եւ թէ՛ սիւննի համայնքներէն բխած ռազմական խումբերու:
2003 թուականէն ի վեր, այսինքն՝ Իրաքի պատերազմի ընթացքին ու Սատտամի վարչակարգի տապալումէն անմիջապէս ետք, անցումային ժամանակաշրջանի անիշխանութեան, թոյլ ու քաոսային կարգավիճակէն օգտուեցան կրօնամէտ ռազմական խմբաւորումներն ու կուսակցութիւնները, որոնք արագօրէն զինուեցան ու սկսան Սատտամի թողած քաղաքական, ռազմական ու վարչական բացը գոցել:
Ամէն թաղամաս, համաձայն իր կրօնադաւանական կառուցուածքին, ունեցաւ իր կրօնամէտ տիրապետող կուսակցութիւնն ու ռազմական կազմակերպութիւնը: Հետեւաբար, ամէն շրջան ունեցաւ իր առանձին կարգն ու կանոնը:
Միջ-կրօնական հակամարտութիւնը հասաւ իր գագաթնակէտին 2014-ին: Այսօրուան պէս կը յիշեմ յաճախած դպրոցիս (ուր աշակերտութեան մէջ շիա-սիւննի հաւասար տոկոս կը կազմէր) մէջ ստեղծուած խուճապային իրավիճակը: Կը յիշեմ ինչպէս սիւննի պատկանելիութիւն ունեցող ուսուցիչները կը հերքէին ՏԱՀԷՇ-ի ծայրայեղական ըլլալը եւ կ'ըսէին, թէ անոնք պիտի «ազատագրեն Իրաքը դաւանական վարչակարգէն» ու կ'ըսէին թէ ընկերային ցանցերու միջոցաւ տարածուող լուրերը՝ ասորիներու եւ եզիտիներու բնաջնջման մասին, կեղծ են: Միւս կողմէն ալ շիա աշակերտները կոչեր կ'ուղղէին ու ամբողջ սիւննի կրօնադաւանական համայնքը կը նոյնացնէին ՏԱՀԷՇ-ի հետ:
Հոս, թէ՛ սիւննի եւ թէ՛ շիա կրօնամէտ կուսակցութիւններն ու ռազմական խմբաւորումները ունէին հասարակ յայտարար մը, որ էր՝ ծայրայեղութիւնը: Թէ՛ սիւննի եւ թէ՛ շիա քաղաքական-ռազմական խմբաւորումները իրենց ձեռքին տակ գտնուող շրջաններուն մէջ անհանդուրժողական քաղաքականութիւն կը վարէին՝ դիմելով բռնի տեղահանումներու, անձնաթուղթի հիման վրայ ահաբեկման, պայթումներու կազմակերպման՝ սպառնալով խոշտանգումի ենթարկել կրօնադաւան համակարգը քննադատողները, արգիլելով ոգելից ըմպելիքը, քաջալերելով «հիճապ»-ը, վերացնելով միջնակարգ եւ երկրորդական (որոշ շրջաններու պարագային նաեւ՝ նախակրթարան) բաժանումներուն մէջ երկսեռ դասարանները, ռոք երաժշտութիւնը՝ իբրեւ սատանայապաշտութիւն ներկայացնելով զայն եւ ահաբեկելով սեռային փոքրամասնութիւնները եւ զանոնք շահագործողները:
Նման մթնոլորտի մէջ ապրող, դէպի չափահասութիւն անցումային շրջանի մէջ եղող երիտասարդ մը ինչպիսի՞ հոգեկերտուածքով պիտի մեծնայ, երբ իր աչքին առջեւ մարդ մը կը սպաննուի պարզապէս կրօնադաւանական համայնքի մը անդամ ըլլալուն պատճառով, որուն անդամակցած է ոչ թէ իր անձնական համոզումով, այլ ժառանգաբար իր ծնողներէն, երբ իր ընտանիքի անդամները երկրէ-երկիր գաղթական ու ցիրուցան կ'ըլլան, երբ կը կորսնցնէ իր մանկապարտէզի ու նախակրթարանի դասընկերները՝ բռնի տեղահանման պատճառով, երբ առտուները միջ-կրօնադաւանական թաղային կռիւներու, հրացաններու փամփուշտներու ձայնով կ'արթննայ կամ ռումբերու պայթումներու աղմուկով կը քնանայ:
Ինչպէս փիլիսոփայ Պարուխ Սփինոզան կ'ըսէ. «Մարդ էակին համար բարձրագոյն գործունէութիւնը, սորվիլն է՝ հասկնալու համար, որովհետեւ հասկնալ կը նշանակէ՝ ազատ ըլլալ»: Իրաքի միջ-կրօնադաւանական հակամարտութեան տարիները ապրած երիտասարդութիւնը, որ այսօր երկրէ-երկիր գաղթական է, որ բռնի ուժով իր ծննդավայրէն տեղահանուեցաւ, որուն հարազատները ցիրուցան եղան, որ բարեկամներ կորսնցուց,– լաւապէս տեղեակ է կրօնամէտ կուսակցութիւններու գոյութեան դրդապատճառներէն, կրօնադաւանական հակամարտութիւններու փորձերէն եւ ամէնէն կարեւորը՝ ծայրայեղ վարչակարգի տակ ապրելու հետեւանքներէն:
Իրաքի եւ այլ երկիրներու նմանօրինակ կրօնամէտ վարչակարգերէն գաղթող երիտասարդութիւնը լաւապէս գիտէ, որ այդ վարչակարգի գործելաոճն է՝ բնաջնջում, տեղահանութիւն եւ ջարդ:
Այսպիսով, պատանեկան եւ երիտասարդական տարիքէն դէպի չափահասութիւն անցնելու ընթացքին այդ երիտասարդը սորվեցաւ, որ իր ապրած եւ դիմագրաւած ճնշումները, սպառնալիքները, խտրութիւնները, անապահովութիւնն ու իր կենսաբանական կարիքներու զրկումը հետեւանք են՝ կրօնական ծայրայեղութեան:
Մեր փափաքն է, իբրեւ երիտասարդութիւն, որ ապրեցաւ Իրաքի օրինակը, որ միջինարեւելեան շրջանը զերծ մնայ կրօնամէտ ու կրօնադաւան կառավարութիւններէ, որովհետեւ միայն ու միայն այդ պարագային է, որ շրջանը զերծ կը պահուի վերեւ յիշուած արհաւիրքներէն: