image

Երկու Երիտասարդներ Իրենք Զիրենք Հրկիզած են Պէյրութի Զինուորական Դատարանին Դիմաց(Տեսանիւթ)

Երկու Երիտասարդներ  Իրենք Զիրենք  Հրկիզած են Պէյրութի Զինուորական Դատարանին Դիմաց(Տեսանիւթ)

Լիբանան-(«Ալ Ժատիտ»- Պէյրութ) Ըստ «Ալ Ժատիտ» կայանին, կարգ մը աքթիւիստներ եւ  քաղաքացիակապ  շարժումի ձերբակալուածներուն ծնողները, բողոքի ցոյց կազմակերպեցին զինուորական դատարանին դիմաց, անոնք շրջանին մէջ  որոշ ժամանակ մը ճանապարհը  փակեցին, աւելի ուշ  վերստին բանալով  զայն:Ապա երկու երիտասարդներ, Մոհամէտ Հարզ եւ Եուսէֆ Ճարտի հրկիզեցին իրենք զիրենք  եւ Կարմիր Խաչը հիւանդանոց զիրենք փոխադրեց:«Պատնա Նհասէպ»   շարժումը  այս առիթով հաղորդակցութիւն մը հրապարակեց, ուր կը գրէր, թէ «Հասարակութեան կարծիքը այսօր ցնցուած էր, երիտասարդի մը ինքնահրկիզման առթիւ, բողոքելով զինուորական դատարանին մօտ, դատախազ Րիատ Ապու Ղիտայի քաղաքական ձերբակալուածներու ազատ արձակումը երկարաձգելուն  համար: Մենք կը ցաւինք Լիբանանցի երիտասարդներուն, որոնք հասած են այն աստիճանի, որ անձնասպանութիւնը ցոյցի միջոց ընտրած են բողոքելու համար այս ստորին իշխանութեան դէմ, առաջին քաղաքական իշխանութիւնը, երկրորդ դատարանը պատասխանատու են վիճակը պայթումի սահմանին հասցընելու համար»:Հաղորդակցութիւնը աւելցուց, թէ  «Մենք կը մաղթենք ինքզինք հրկիզած երիտասարդ Մուհամմէտ Հարզին, առողջութիւն  եւ ազատութիւն:  Կը հրաւիրենք  իշխանութեան վրայ մնացած խելացի մարդկանց, որպէսզի  միջամտեն եւ զսպեն «տաք գլուխները»: Մենք կը վստահեցնենք, որ ժողովրդական շարժումին համար ետդարձը լուծում չէ, ան միջոց չի խնայեր լիբանանցիներու պայքարը հրահրելու եւ նսեմացնելու, հասնելու համար իրենց իրաւունքներուն:Թող յաւիտեան դադրին քաղաքական ձերբակալութիւնները եւ զինուորական դատարանին ձեռքը չդատէ բնակիչները». Ըսուած է  հաղորդագրութեան մէջ: Հրկիզման տեսանիւթը դիտելու համար  սեղմել ՝ այստեղ: