image

Երկրաշարժ Պաւրա գիւղին մօտ. Ցնցումները զգացուած են նաեւ Երեւանի մէջ

Երկրաշարժ Պաւրա գիւղին մօտ. Ցնցումները զգացուած են նաեւ Երեւանի մէջ

10 Սեպտեմբերին, տեղական ժամանակով ժամը 20:22-ին (Գրինիչի ժամանակով ժամը 16:22-ին) ԱԻՆ երկրաշարժական պաշտպանութեան տարածքային ծառայութեան կողմէ գրանցուած է հիւսիսային լայնութեան 41.080 եւ արեւելեան երկայնութեան 43.940 աշխարհագրական չափագրումներով (Հայաստան-Վրաստան սահմանային գօտի՝ Պաւրա գիւղէն 13 քմ հիւսիս-արեւելք), օճախի 10 քմ խորութեամբ, 4.8 ուժգնութեամբ երկրաշարժ: Այս մասին կը տեղեկացնէ ԱԻՆ լրատուական ծառայութիւնը։

Երկրաշարժի կենտրոնային գօտիին վրայ ստորգետնեայ ցնցման ուժգնութիւնը կազմած է 6-7 բալ:

Ըստ նախնական տուեալներու՝ երկրաշարժը զգացուած է ՀՀ Շիրակի, Լոռիի, Տաւուշի, Արագածոտնի, Արմաւիրի մարզերու եւ Երեւան քաղաքի մէջ: