image

Երկիրները կա՛մ ինքնիշխան կ'ըլլան, կա՛մ՝ գաղութ, միջանկեալ կարգավիճակ գոյութիւն չունի. Փութին

Երկիրները կա՛մ ինքնիշխան կ'ըլլան, կա՛մ՝ գաղութ, միջանկեալ կարգավիճակ գոյութիւն չունի. Փութին

Եթէ երկիր մը կամ խումբ մը երկիրներ ի վիճակի չեն ինքնիշխան որոշումներ կայացնելու, անոնք արդէն որոշակի չափով գաղութ են, եւ գաղութը չունի պատմական հեռանկարներ, հնարաւորութիւններ գոյատեւելու նման կոշտ աշխարհաքաղաքական պայքարի մէջ:

 

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին վստահ է, որ ժամանակակից աշխարհին մէջ պետութիւնները կրնան ըլլալ կամ ինքնիշխան, կամ գաղութ, միջանկեալ կարգավիճակ գոյութիւն չունիը:

«Աշխարհը կը փոխուի արագ: Եւ ինչ-որ առաջնորդութեան յաւակնելու համար, չեմ խօսիր համաշխարհային առաջնորդութեան մասին, որեւէ երկիր, որեւէ ժողովուրդ, որեւէ ցեղ պէտք է ապահովէ իր ինքնիշխանութիւնը, որովհետեւ միջանկեալ վիճակ չկայ` կա՛մ երկիրը ինքնիշխան է, կա՛մ գաղութ, ինչպէս ալ որ անուանեն գաղութը», ըսած է պետութեան ղեկավարը:

«Եթէ երկիր մը կամ խումբ մը երկիրներ ի վիճակի չեն ինքնիշխան որոշումներ կայացնելու, անոնք արդէն որոշակի չափով գաղութ են, եւ գաղութը չունի պատմական հեռանկարներ, հնարաւորութիւններ գոյատեւելու նման կոշտ աշխարհաքաղաքական պայքարի մէջ», ըսած է ան:

Փութին նշած է, որ չի փափաքիր ճշգրիտ երկրներու անուններ տալ «ոեւէ մէկը չվիրաւորելու համար», սակայն յաւելած է, որ աշխարհաքաղաքական պայքարը միշտ ալ եղած է: