image

Երեւանը կողմ է ռուս խաղաղապահներու գործունէութեան երկարաձգման

Երեւանը կողմ է ռուս խաղաղապահներու գործունէութեան երկարաձգման

Հայաստանը հետաքրքրուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու ներկայութեան ժամկէտի երկարաձգմամբ՝ մինչեւ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցի վերջնական լուծումը: Այս մասին յայտնած են Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի գրասենեակէն:

«Ցաւօք, այս պահին իրավիճակը բաւարար կայուն չէ անվտանգութեան տեսանկիւնից: Վերջերս մենք տեսանք հրադադարի խախտում, ինչի հետեւանքով հայ զոհուեց՝ քաղաքացիական անձ, կան նաեւ վիրաւորներ: Հետեւաբար, ԼՂ-ում ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի գործօնը կարեւոր եւ նշանակալի կը լինի այնքան ժամանակ, քանի դեռ չի լուծուել ԼՂ կարգավիճակի հարցը», նշած են ՀՀ Անվտանգութեան խորհուրդէն։

Անվտանգության խորհուրդի գրասենեակէն նաեւ ընդգծած են, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմը կարեւոր նշանակութիւն ունի ԼՂ քաղաքայիններուն անվտանգութիւնը ապահովելու հարցին մէջ, ինչպէս նաեւ ստեղծուող ենթակառուցուածքներու, բնակչութեան եւ բեռերու անխափան, կայուն տեղաշարժի անվտանգութեան երաշխաւորն է: