image

Երեւանի «Նայիրի» բժշկական կեդրոնը տիրացած է ISO 9001:2015 հաւատարմագրին

Երեւանի «Նայիրի» բժշկական կեդրոնը տիրացած է ISO 9001:2015 հաւատարմագրին

Շրջանային եւ միջազգային տնտեսական ոլորտէն ներս մեծ հռչակվայելով Management Mix ընկերութեան նախագահ, գործարար եւ ձեռներէց Ռաֆֆի Սեմերճեանէն վերահասու դարձանք, որ օրերս Երեւանի մէջ գործող «Նայիրի» բժշկական կեդրոն-հիւանդանոցը ստացած է վստահութեան եւ արդիական գործունէութեան համար տրամադրուող՝ միջազգային ISO 9001:2015 հաւատարմագիրը։

Այս մասին Սեմերճեան կատարած է գրառում մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝

«Նայիրի» բժշկական կեդրոնը հաստատակամ է ապահովելու մատուցուող ծառայութիւններու բարձր որակը եւ հիւանդներու գոհունակութիւնը։ Որակի կառավարման միջազգային ISO 9001:2015 չափանիշի ներդրման եւ հեղինակաւոր Joint Commission International (JCI) հաւատարմագրման գործընթացի շրջածիրէն ներս՝ Management Mix  ընկերութեան հետ համատեղ բուժհաստատութիւնը ներդրած է որակի կառավարման համակարգ։ Համակարգի համապատասխանութիւնը հաստատուած է TÜV Rheinland գերմանական կազմակերպութեան կողմէ, որ հաւատարմագրուած է գերմանական հաւատարմագրման մարմնի (DAkkS) կողմէ, որ իր հերթին կը հանդիսանայ Միջազգային Հաւատարմագրման համաժողովի (IAF) անդամ։ Կազմակերպութեան միջազգային փորձագէտներու արտաքին հաշուեքննութեան արդիւնքով բուժհաստատութիւնը ստացաւ ISO 9001:2015 չափանիշի համապատասխանութեան վկայական: