image

Երեւանի մէջ. Վարորդը Mercedes-ով կիսաշրջուած վիճակով յայտնուած է Կարապի լիճին մէջ

Երեւանի մէջ. Վարորդը Mercedes-ով կիսաշրջուած վիճակով յայտնուած է Կարապի լիճին մէջ

Յունիս 10-ին, արտակարգ դէպք տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ: Ժամը 23:00-ի սահմաններուն Երեւանի բնակիչ, 30-ամեայ Էտուարտ Գասպարեանը իր վարած Mercedes մակնիշի ինքնաշարժով Տէրեան փողոցին վրայ դուրս եկած է ճանապարհի երթեւեկելի գօտիէն, բախած է գովազդային վահանակին, այնուհետեւ յայտնուած է Կարապի լիճին մօտ, բախած է 3 ծառերու եւ յառաջ ընթանալով, կիսաշրջուած վիճակի մէջ յայտնուած է Կարապի լիճին մէջ:

Ըստ նախնական տեղեկութիւններու` բարեբախտաբար, տուժածներ չկան: Ինքնաշարժին արգելակներուն հետ խնդիր յառաջացած է ու վարորդը, չկարենալով կառավարել ինքնաշարժը, նման իրավիճակի մէջ յայտնուած է: