image

Երեւանի մէջ. Քեսապցի մեր հայրենակիցներու Սուրբ Զատկուան տոհմիկ հաւաքը (Լուսանկարներ)

  Երեւանի մէջ. Քեսապցի մեր հայրենակիցներու Սուրբ Զատկուան  տոհմիկ հաւաքը (Լուսանկարներ)

Օրերս Երեւանի մէջ հաստատուած բնիկ՝ Քեսապցի մեր հայրենակիցները ունեցած են իրենց Սուրբ Զատկուան տոհմիկ հաւաքը։

Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ Քեսապի Հայրենակցական Միութեան (վերջերս հիմնուած) դիմատետրի էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է ՝

Շաբաթ, 30 Մարտ 2024-ին երեկոյեան, Երեւանի մէջ, կազմակերպութեամբ Քեսապ Հայրենակցական Միաւորումին, “Jano Restaurant”-էն ներս տեղի ունեցաւ զատկական խրախճանք-հաւկթախաղ։

Օրուան հանդիսավարն էր Օրդ. Մարիա Պետրոսեանը, որ հանգրուան առ հանգրուան ներկայացուց Զատիկի հասկացողութիւնը, Քեսապի մէջ տօնելու աւանդական ձեւերը, սովորութիւնները, ուտեստներու տեսակները, հաւկթախաղի աւանդոյթը։

 Ներկաները բարձր տրամադրութեամբ նշեցին երեկոն, որ աւելի խանդավառութիւն ունեցաւ հաւկթախաղով եւ յանձնախումբի կողմէ պատրաստուած անակնկալ խաղերով (Քեսապի բարբառով բառեր եւ հանելուկներ)։ Երեկոն ալ աւելի ճոխացուց երգչուհի՝ Ալինա Աղաջանյանը։

Երեկոն իր աւարտին հասաւ Քեսապի աւանդական պարով՝ Կերմէր ֆըսթանով։

Այս առիթով մեր յատուկ շնորհակալութիւններ “Jano Restaurant”֊ի տնօրինութեան եւ աշխատակազմին, յանձինս Սեփականատէր եւ Տնօրէն՝ Պրն. Յարութին, որոնք իրենց ջերմ ընդունելութեամբ եւ սիրալիր վերաբերմունքով մեր երեկոն ալ աւելի ջերմացուցին։ Ձեր բոլորին վարձքը կատար։

Ի վերջոյ, «Քեսապ Հայրենակցական Միաւորում»-ին անունով շնորհակալութիւն կը յայտնենք ներկաներուն, կրկին անգամ շնորհաւորելով թէ' իրենց եւ թէ' բոլորին Սուրբ Զատիկը, ըսելով.

Շընըֆուր ձիր ալընէն Զէտէյը։