image
Հրատապ լուրեր:

Երեւանի մէջ կոտրած են Յիսուս Քրոստոսի պազալթէ արձանը

Երեւանի մէջ կոտրած են Յիսուս Քրոստոսի   պազալթէ  արձանը

Այսօր, Ապրիլ 23-ին, հերթական վանտալիզմը տեղի ունեցած է. կոտրած են Դաւիթ Բեկի փողոցին մէջ, Սուրբ Յարութիւն եկեղեցի տանող մուտքի կամարին տեղադրուած Յիսուս Քրիստոսի պազալթէ արձանը:

Կոտրած են արձանին ոտքերը, վնասուած են  ձեռքերը, գլուխին հատուածը: Չարագործները թողած են նաեւ գրառում:

Սա առաջին դէպքը չէ, որ նման դէպք տեղի կ'ունենայ: Նախորդ դէպքը դեռ չբացայայտուած, քաղաքացիները իրենց ուժերով նորը տեղադրած էին ու այսօր ականատես եղած են հերթական վանտալիզմին: