Երեւանի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին մէջ արտակարգ դէպք գրանցուած է. մեղադրեալը փախած է դատարանի դահլիճէն։ Տեղեկութիւնը յայտնած է shamshyan.com-ը:
Դէպքը տեղի ունեցած է նոյեմբեր 17-ին՝ 20:25-ի սահմաններուն Աջափնեակ վարչական շրջանին մէջ գտնուող դատարանին մէջ։
Ըստ կայքի` դատարանին մէջ քննուած է Երեւանի բնակիչ 38-ամեայ Գէորգ Սուքիասեանի նկատմամբ խափանման միջոց տնային կալանքը փոխարինելու հարցը։ Երբ դատաւորը հրապարկած է վճիռը, տղամարդը փախուստի դիմած է։
Դէպքի փաստով ՀՀ ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան Մաշտոցի բաժնէն ներս փաստաթուղթեր կը պատրաստուին:
Կայքի տեղեկութիւններով` տղամարդը կը մեղադրուի ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 235 յօդուածի (նուիրատուի կողմէ կուսակցութեան նուիրատւութիւն կատարելու՝ օրէնքով սահմանուած առաւելագոյն չափը գերազանցելը), 255 յօդուածի (խարդախութիւն) եւ 335 յօդուածի (հրազէնի, ատոր հիմնական բաղկացուցիչ մասերու, ռազմամթերքի եւ այլ նիւթերու, սարքերու, առարկաներու ապօրինի շրջանառութիւնը) յատկանիշներով: