image

Երեք ձեռագիր՝ Հայաստանէն Ֆրանսայի պանթէոն

Երեք ձեռագիր՝ Հայաստանէն Ֆրանսայի պանթէոն

Գնդակահարութենէն առաջ Մելինէին գրած նամակին մէջ Միսաք Մանուշեան կնոջը կը յորդորէ ամուսնանալ եւ երջանկանալ: Մելինէ Մանուշեան տարիներ յետոյ Խորհրդային Հայաստան ներգաղթելէ ետք կրկին Փարիզ կը դառնայ եւ հոն ալ կը մահանայ 1989 թուականին: Ան իր յուշերուն մէջ գրած է, որ չի պատկերացներ, թէ ամուսինէն զատ մէկը ի վիճակի էր երջանկացնել զինք, եւ այդպէս ալ չէ ամուսնացած:

Մանուշեանին եւ իր խումբին անունով փողոցներ եւ հրապարակներ կոչուած են Փարիզ, Մարսէյլ, Վալանս եւ ֆրանսական այլ քաղաքներու մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Երեւան, ուր պուրակ մը, փողոց մը եւ դպրոց մը անուանուած է ի պատիւ Ֆրանսայի ազգային հերոս Միսաք Մանուշեանին: Փարիզի մէջ դրուած է անոր յուշարձանը, յետմահու հրատարակուած են գրութիւնները, որոնցմէ մին՝ «Իմ երգը» խորագրով, թարգմանուած եւ տպուած է Երեւանի մէջ:

Միսաք Մանուշեանի վերջին նամակին բնօրինակը՝ գրուած Մելինէին, կը պահուի Քոնկրէսի գրադարանին մէջ:

 

Փետրուարի 21-ին Ֆրանսայի դիմադրութեան շարժման մարտիկ, Ֆրանսայի ազգային հերոս, հայ մտաւորական, բանաստեղծ Միսաք Մանուշեանի պանթէոնացումի արձագանգները կը շարունակուին: Ուղիղ հեռասփռումի միջոցով ականատես եղանք այդ պատմական իրադարձութեան. արարողութեան ընթացքին Միսաք Մանուշեանի քովը իր վերջին հանգրուանը գտաւ նաեւ կողակիցը՝ Մելինէ Մանուշեան: Պետական արարողակարգով կատարուած այս վերայուղարկաւորումը առիթ դարձաւ, որ անգամ մը եւս յիշուին եւ գնահատուին Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեանները: Անոնք, որոնք տակաւին չէին գիտեր հայ մարտիկներու կեանքի հերոսական պատմութեան մասին, արդէն շատ բան գիտցան Ֆրանսայի պատմութեան մէջ նշանակալից ներդրում ունեցած հայերու մասին: Այդ պատմութիւնը, թէեւ Ֆրանսային կը պատկանի, բայց նաեւ համամարդկային նշանակութիւն ունի, եւ ամբողջ աշխարհէն մարդիկ հետեւեցան յուզումնալից արարողութեան:

Միսաք Մանուշեանի պանթէոնացումի եւ անոր կնոջ վերայուղարկաւորման առթիւ Պանթէոնի մէջ բացուեցաւ Միսաք Մանուշեանին նուիրուած «Vivre à en mourir» խորագրով ցուցադրութիւնը, որ բաց կը մնայ մինչեւ սեպտեմբերի 8-ը:

Ցուցանմոյշները Փարիզ ղրկուած են Հայաստանէն: «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը այս ցուցադրութեան նպատակով տրամադրած է Միսաք Մանուշեանի օրագրութիւններէն երեք տետր:

Ինչպէս ծանօթ է՝ Մանուշեանի արխիւը կը պահուի Հայաստանի մէջ. զայն հայրենիքին յանձնած է կինը՝ Մելինէ Մանուշեան, երբ ամուսինի մահէն տարիներ յետոյ՝ 1960-ականներուն Փարիզէն ներգաղթած է Խորհրդային Հայաստան: Մինչ այդ, երբ կը ձերբակալէին ամուսինը՝ Մելինէն կրցած է խուսափիլ ձերբակալումէն եւ ինքն ալ չարժանանալ ամուսինի ճակատագրին՝ փրկելով նաեւ ամուսինի ձեռագիր ժառանգութեան կարեւորագոյն նմոյշներ: Անշուշտ, բերուածը ամբողջական չէ, շատ բաներ ալ ոչնչացուած են ձերբակալութեան օրերուն եւ առհասարակ, խառնակ այդ ժամանակներուն: Հայաստանի «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը սրբօրէն կը պահէ փրկուած նիւթերը, ժամանակ առ ժամանակ ցուցադրութեան կը դնէ, մասնագէտներ կ՚ուսումնասիրեն եւ ամէն անգամ նոր տեղեկութիւններ, դրուագներ մէջտեղ կը հանուին: Թանգարանը նիւթեր ունի նաեւ Մելինէ Մանուշեանէն, մանաւանդ՝ Երեւանի Պետական համալսարանի մէջ անոր աշխատած ժամանակաշրջանէն, ինչպէս նաեւ առընչուող նիւթեր, փաստաթուղթեր Ֆրանսայի դիմադրութեան շարժման ուրիշ հայ մարտիկներու մասին, որոնց մէջ նոյնպէս գրողներ եղած են:

Միսաք Մանուշեանի արխիւին մէջ արժէքաւոր են մանաւանդ իր օրագրութիւնները, որոնք ան գրած է՝ պայքարի ոգիով, հաւատով եւ լուսաւոր օրերու սպասումով: Եօթը տետրակ կը կազմեն օրագրութիւնները. Մանուշեան գրած է՝ թէ՛ հայերէն, թէ՛ ֆրանսերէն՝ օրէ օր շարադրելով միտքերը, ընելիքները, եղածները, դէպքեր եւ իրադարձութիւններ: Ատոնց մէջ նաեւ կ՚երեւի բանաստեղծ Միսաք Մանուշեանը, քանի որ գրականութիւնը, գրական մտածողութիւնը եւ ստեղծագործական բնոյթը անպակաս եղած են անոր էութենէն:

«Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը ֆրանսական կողմի, մասնաւորապէս Մելինէ Մանուշեանի քրոջ դստեր՝ Կատիա Կիրակոսեանին հետ պայմանաւորում ձեռք բերած է՝ ատոնք հրատարակել եւ առհասարակ, յետագայ համագործակցութեան հիմքեր դրուած են Մանուշեանի ազգականներուն հետ:

Վերոնշեալ ձեռագիրներէն երեքն է, որ ղրկուած է Փարիզի Պանթէոն, եւ ցուցահանդէսի առաջին հիւրերու մէջ էին Մանուշեան մեծ ընտանիքի ժառանգները:

Հայաստանէ ներս պահուող արխիւին մէջ հիմնականը Միսաք Մանուշեանի բանաստեղծութիւններն են, յուշագրութիւնները, այլ նիւթեր, որոնք մասնագէտներու անմիջական մշակումի ներքոյ են:

Յատկանշական կենսագրութիւն ունեցած է Միսաք Մանուշեան. 1906 թուականին Ատըեամանի մէջ ծնած է եւ հոն ապրած է մինչեւ անցեալ դարասկիզբի դէպքերը, որոնցմէ փրկուելով՝ եղբօր հետ անցած է Սուրիա, ապա Լիբանան: 1920 թուականին, Լիբանանի Ճիւնի քաղաքի Հայ Ազգային որբանոցը կ՚ըլլայ կրթութեան առաջին օթեւանը Միսաքին ու իր աւագ եղբօր՝ Կարապետին։ Լիբանանի մէջ ալ կը սորվին ֆրանսերէնը: 1925 թուականին անոնք կը տեղափոխուին Ֆրանսա, սկիզբը՝ Մարսէյլ, ապա կը հաստատուին Փարիզ, ուր Միսաք Մանուշեան կ՚աշխատի գործարանի մը մէջ, իբրեւ բանուոր եւ կը զբաղի ինքնակրթութեամբ:

1930 թուականին ան եղած է «Ֆրանսացի հայ նորագոյն գրողներու ընկերութեան» հիմնադիրներու շարքին։ Իր հայրենակից Սեմային (Գեղամ Աթմաճեան) հետ հիմնադրած է համայնավարական ուղղութիւն ունեցող երկու գրական ամսագիր՝ «Ջանք» եւ «Մշակոյթ», որ կը քարոզէին ձախակողմեան գաղափարներ եւ հայկական մշակոյթի պահպանման ջանքեր կը տանէին տեղւոյն հայերուն մէջ: Միաժամանակ Մանուշեան զբաղած է թարգմանական գործունէութեամբ՝ հայերէնի թարգմանելով ֆրանսական գրականութիւն: Սորպոնի համալսարանին մէջ ալ գրականութեան, փիլիսոփայութեան, պատմութեան ու այլ դասախօսութիւններու յաճախած է:

1934 թուականին Միսաք Մանուշեան կը դառնայ Ֆրանսայի Համայնավարական կուսակցութեան անդամ: 1935-1937 թուականներուն ան խմբագրած է հայերէն «Զանգու» ձախակողմեան շաբաթաթերթը, որ կը քարոզէր խորհրդային գաղափարներ:

Նոյն թուականներուն Մանուշեան գործած է Հայաստանի Օգնութեան կոմիտէին մէջ եւ կոմիտէի կազմակերպած երեկոներէն մէկուն ժամանակ ալ ծանօթացած է իր ապագայ կնոջ՝ պոլսահայ Մելինէ Ասատուրեանին հետ: Յետագային կնոջ հետ ալ մասնակցած է ֆրանսական դիմադրութեան շարժման, ընդդէմ ֆաշական նուաճողներու:

1939 թուականին, Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի յայտարարման օրը Ֆրանսայի իշխանութիւնները արգիլած են կուսակցութեան գործունէութիւնը եւ ձերբակալած է բազմաթիւ անդամներ, այդ կարգին՝ Մանուշեանը, որ ղրկած են Սանտէ բանտը։ Մանուշեանի բնակարանին մէջ կատարուած խուզարկութեան ժամանակ առգրաւուած ու ոչնչացուած են անոր բազմաթիւ ձեռագիրները։ Մանուշեանը ղրկած են Նորմանտի, սակայն կրկին անցած է Ֆրանսա, վերադարձած Փարիզ, կնոջ՝ Մելինէին կանչով, որ պատասխանատու էր Ֆրանսայի Համայնավարական կուսակցութեան մէջ: Հոս ան իր շուրջը խմբած է հայ մտաւորականներ՝ նպատակ ունենալով կազմակերպել միջազգային ջոկատ՝ ֆրանսական դիմադրութեան շարժման մասնակցելու եւ հակաֆաշական քարոզչութիւն ծաւալելու համար։ 1941 թուականին Մանուշեան կրկին կը ձերբակալուի՝ այս անգամ խմբաւորման անդամներուն հետ, կ՚աքսորուի, ուր կը շարունակէ պայքարը, հիմնելով ընդյատակեայ կազմակերպութիւն։ Մանուշեան փախած է ճամբարէն, մասնակցած է զինեալ գործողութիւններու:

1943 թուականին ան կը ղեկավարէր երեք ջոկատ, որոնց մէջ ընդհանուր առմամբ շուրջ յիսուն մարտիկներ կային: Անոնք շուրջ երեսուն յաջող յարձակումներ կատարած են գերմանական նուաճողներուն վրայ, սակայն Մանուշեանին խումբը վարկաբեկելու նպատակով գերմանական ղեկավարութիւնը տասնհինգ հազար օրինակով տպագրած է նշանաւոր «Կարմիր պաստառ»ը, ինչ որ ցոյց կու տար, թէ գերմանացիներուն դէմ կը պայքարին ոչ-ֆրանսացիներ: Այդ պաստառին վրայ գրուած էր. «Մանուշեան, խումբի ղեկավար, հայ, 56 յարձակում, 150 զոհ, 600 վիրաւոր»։ Սակայն արշաւը հակառակ արդիւնքը կ՚ունենայ՝ յիշեցնելով ազատութեան մարտիկներու յաղթանակին մասին: Պաստառներուն տակ կը յայտնուէին ծաղիկներ, մարդիկ կը գրէին. «Զոհուած են Ֆրանսայի համար»։

Ֆրանսացի գրող եւ քաղաքական գործիչ Լուի Արակոն բանաստեղծութիւն գրած է «Կարմիր պաստառ» խորագրով, որ յետոյ երգի վերածուած է: Այդ մէկը դարձած էր սիրած երգը բազմաթիւ ֆրանսացիներու, որոնք անով իրենց երախտիքը կ՚արտայայտէին Ֆրանսան ազատագրողներուն:

Մանուշեան կը ձերբակալուի 1943 թուականին, անոր կինը կը յաջողի փախուստի դիմել, բայց հեռակայ կարգով մահուան կը դատապարտուի, ըլլալով փնտռուող: Միսաք Մանուշեան եւ խումբի անդամները մահապատիժի կ՚ենթարկեն մէկ տարի յետոյ:

Յայտնի է նաեւ, որ Մանուշեանի ձերբակալութենէն յետոյ Մելինէ Մանուշեանը իրենց տունին մէջ թաքցուցած է Շարլ Ազնաւուրի ընտանիքը՝ վտանգելով իրենց իսկ ընտանիքին կեանքը: Մելինէ Մանուշեանի յուշերուն հիման վրայ ֆրանսահայ բեմադրիչ Ռոպէր Կէտիկեան ուշագրաւ շարժանկար մը նկարահանած է՝ «Ոճրագործութեան բանակը» խորագրով, ուր ցոյց կը տրուի Մանուշեաններու կեանքէն մանրամասնութիւններ:

Գնդակահարութենէն առաջ Մելինէին գրած նամակին մէջ Միսաք Մանուշեան կնոջը կը յորդորէ ամուսնանալ եւ երջանկանալ: Մելինէ Մանուշեան տարիներ յետոյ Խորհրդային Հայաստան ներգաղթելէ ետք կրկին Փարիզ կը դառնայ եւ հոն ալ կը մահանայ 1989 թուականին: Ան իր յուշերուն մէջ գրած է, որ չի պատկերացներ, թէ ամուսինէն զատ մէկը ի վիճակի էր երջանկացնել զինք, եւ այդպէս ալ չէ ամուսնացած:

Մանուշեանին եւ իր խումբին անունով փողոցներ եւ հրապարակներ կոչուած են Փարիզ, Մարսէյլ, Վալանս եւ ֆրանսական այլ քաղաքներու մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Երեւան, ուր պուրակ մը, փողոց մը եւ դպրոց մը անուանուած է ի պատիւ Ֆրանսայի ազգային հերոս Միսաք Մանուշեանին: Փարիզի մէջ դրուած է անոր յուշարձանը, յետմահու հրատարակուած են գրութիւնները, որոնցմէ մին՝ «Իմ երգը» խորագրով, թարգմանուած եւ տպուած է Երեւանի մէջ:

Միսաք Մանուշեանի վերջին նամակին բնօրինակը՝ գրուած Մելինէին, կը պահուի Քոնկրէսի գրադարանին մէջ:

Մանուշեանի բանաստեղծութիւնները սփիւռքահայ մամուլին մէջ երեւալու սկսած են 1930-ականներու սկիզբներուն: Վաղ շրջանի ստեղծագործութիւններուն կը տիրապետեն անձնական մտածումներն ու ապրումները։ Յետագային նաեւ կը գրէ աշխատաւոր մարդու ցաւի ու բանուորական պայքարի, դէպի հայրենիք սիրոյ մասին։ Անոր վաղ ստեղծագործութիւնները հաւանութեան արժանացուցած է Աւետիք Իսահակեանը, որ հիւրընկալուած է Մանուշեանի մօտ եւ ծանօթացած անոր գրութիւններուն:

Բազմաթիւ հայրենասիրական, քաղաքական բանաստեղծութիւններու («Պայքար», «Ընդվզում», «Նամակ Հայաստանէն», «Ամբոխի կանչը» եւ այլն) մէջ Մանուշեան նաեւ անձնական ապրումները թուղթին կը յանձնէր:

1934 թուականին Փարիզի «Անահիտ» հանդէսին մէջ կը տպագրուի Միսաք Մանուշեանի մէկ բանաստեղծութիւնը՝ նուրուած բանաստեղծ, հրապարակագիր, արձակագիր, թարգմանիչ, մանկավարժ, խմբագիր եւ հասարակական գործիչ Վահան Թէքէեանի 40-ամեակին: Այդ բանաստեղծութենէն կարելի է զգալ, որ Թէքէեանը ազդեցութիւն ձգած է Միսաք Մանուշեանի վրայ, ինչպէս ազդեցութիւն ձգած է նաեւ այդ եւ յետագայ ժամանակներու ուրիշ ստեղծագործողներու վրայ նոյնպէս: Փորձելով վերլուծել թէքէեանական բանաստեղծական աշխարհը, Մանուշեանը Թէքէեանը կոչած է «անլուծելի առեղծուած»:

*

Իր քառասնամեայ յոբելեանին առթիւ

ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆԻՆ

ՄԻՍԱՔ ՄԱՆՈԻՇԵԱՆ

Համեստ, խոնարհ, մերթ երկչոտ անձերու պէս կը քալեն

Ամբոխին մէջ մըտածման, բառերն իղձիդ ետեւէն.

Կը հետեւիմ ես անոնց, հետաքրքիր, ակընդէտ,

Ու կը գտնեմ միտքս յանկարծ մտքիդ սեմին լուսաւէտ…:

Երբոր կ՚ըղձամ ես լըսել սրտիդ լարերն այլազան,

Պատկերներով պարզ ու հեզ կը բացատրես, մեղմաձայն,

Մտքին, կեանքին յարաճուն ինչուները ծարաւի…

Ու Սոկրատի մաքրափայլ հոգին քու մէջ կ՚երեւի:

Մերթ խանդավառ, մերթ երկմիտ զարմանքներով պաշարուած՝

Ինձ կը թըւիս դուն յաճախ անլուծելի առեղծուած,

Բայց երբ ըզքեզ կը պեղեմ, դուն միշտ մանկան մ՚ես նըման.

Որ Աստուծոյ մ՚է յանձներ իմաստն իր մարդ գոյութեան…

Դու խորիմաց մարգարէ՝ փորձառութեամբ ներդաշնակ՝

Կը կարեկցիս մարդերու երազանքին անպարփակ,

Երբ Անհունին տիրանալ կը յաւակնի յաւիտեան,

Բայց անգիտակ դուն քեզի, կը դիմես այդ խենդութեան:

Տարիներուն անողոք ձեռներն ի՛նչ փոյթ թէ գրկեն.

Ձըմեռներու դարպասին տանին մարմինդ յամրօրէն.

Դարու ժըլատ, հեստ ոգին գլխիդ դըրեր է դափնին

Ու կը յանձնէ վաստակներդ անմահութեան տաճարին…:

Փարիզ, 28 յունուար, 1934

 

Անուշ Թրուանց
«Ժամանակ»/Պոլիս