Ատրպէյճանը Հայաստանէն կ՚ակնկալէ ականապատ դաշտերու «ճշգրիտ քարտէզներ». այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Ատրպէյճանի նախագահի՝ յատուկ յանձնարարութիւններով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեկոքը։
«Կ՚ակնկալենք, որ Հայաստանը ճշգրիտ տուեալներ կը ներկայացնէ մեր պահանջի համաձայն։ Սա կրնայ դիտուիլ նաեւ որպէս երկու կողմի միջեւ վստահութեան հիմնարար միջոց»,-ըսած է ան։
Ամիրպեքովը նշած է, որ ականներու վերաբերեալ հայկական կողմի տրամադրած տեղեկատւութիւնը շատ «անորակ է եւ ցած մակարդակի»։
Հայաստանն ու Ատրպէյճանը մօտ են խաղաղութեան. Ամիրպեքով
Հայաստանն ու Ատրպէյճանը մօտ են խաղաղութեան, յոյսով ենք, որ դեռ չկարգաւորուած հարցերը կը լուծուին մօտ ապագային։ Այդ մասին եւս յայտարարած է Ամիրպեքովը:
«Հիմա մենք մօտ ենք խաղաղութեան։ Յոյս ունինք, որ շատ շուտով կը լուծուին մնացեալ հարցերը», -ըսած է ատրպէյճանցի պաշտօնեան։