Հայաստանէն մասնագէտներ կը շարունակեն Թուրքիոյ գրադարաններէն ներս աշխատանք տանիլ՝ իրենց պրպտումները կեդրոնացնելով հայ գրքի ու տպագրութեան պատմութիւնը կատարելագործելու առաջադրութեամբ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ մեր պաշտօնակից «Ժամանակ» թերթէն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Երեւանեան աղբիւրներու հաղորդումերով՝ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հիմնարար գիտական գրադարանի տնօրէնի օգնական Նունէ Շահումեան վերջերս շուրջ երեք շաբթուան աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Իսթանպուլ։ Ան այս ընթացքին Պատրիարքարանի «Օրմանեան» մատենադարանին մէջ ուսումնասիրութիւն կատարեց ու մանրակրկիտ պրպտեց այնտեղ ի պահ դրուած գրականութիւնը։ Հարկ է նշել, որ Գումգաբուի գրադարանի տեսուչն է Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, որու դէպի Երեւան շուրջ տասնօրեայ վերջին այցելութիւնն ալ զուգադիպեցաւ Շահումեանի կեցութեան շրջանին։
Նունէ Շահումեան Պատրիարքարանի մատենադարանին մէջ 458 գիրք ուսումնասիրեց։ Ան յայտնաբերեց 182 նորայայտ գիրք։ Այսինքն, տպագրութիւններ, որոնց անունները, մատենագիտական նկարագրութիւնները ցարդ չեն ընդգրկուած՝ հայ գրքի համահաւաք մատենագիտական ցանկերուն մէջ կամ չեն նկարագրուած աստղանիշով։
Շահումեանի ջանքերով համեմատուած ու ճշդուած է 95 գիրք եւ թուայնացուած 199 էջ։
Այս էական աշխատանքը շարունակական պիտի ըլլայ եւ այսպէսով պիտի ամբողջանայ Պատրիարքարանի գրադարանի հայ գիրքի մատենագիտական ցանկը։
Հարկ է յիշեցնել, որ Նունէ Շահումեանի վերջին այցելութիւնը՝ տուեալ ծրագրի երկրորդ փուլն է։ Առաջին փուլին Իսթանպուլի Քաղաքապետական գրադարանէն ներս պրպտումներ տեղի ունեցած էին։ Նախագիծը շարունակական բնոյթ կը կրէ։
Շահումեան կեցութեան օրերուն ընդունուեցաւ նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի կողմէ։