image
Հրատապ լուրեր:

Երեկոյեան Քրեմլի մէջ ԱՊՀ երկիրներու ղեկավարներու հանդիպում. Այսօր Վ. Փութինի ծննդեան օրն է

Երեկոյեան Քրեմլի մէջ  ԱՊՀ երկիրներու ղեկավարներու հանդիպում. Այսօր Վ. Փութինի ծննդեան  օրն է

Հոկտեմբեր 7-ին եւ 8-ին Մոսկուայի մէջ տեղի պիտի ունենան Արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի եւ ԱՊՀ պետութիւններու ղեկավարներու խորհրդի նիստերը:

Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը յայտնած է, որ պետութեան ղեկավար Վլատիմիր Փութինը երկուշաբթի՝ իր ծննդեան օրը, պիտի հանդիպի ԱՊՀ երկիրներու ղեկավարներու հետ, որոնք պիտի ժամանեն Մոսկուա՝ մասնակցելու միաւորման գագաթնաժողովին։ Հոկտեմբեր 7-ին Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահը կը դառնայ 72 տարեկան։

«Առանձնապէս տօնական ոչինչ պիտի ըլլայ։ Օրուան կէսին ան պիտի ունենայ ոչ հրապարակային աշխատանքային հանդիպումներ, իսկ երեկոյեան ԱՊՀ երկիրներու ղեկավարները պիտի ըլլան նախագահի մօտ»,-ըսած է Փեսքովը։

Անոր խօսքով` «եկող շաբաթ տեղի պիտի ունենայ ԱՊՀ անդամ պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի լիագումար նիստ՝ բաւականին ամբողջական օրակարգով»։

Ռուսիոյ ԱԳՆ-ն ալ յայտնած է, որ հոկտեմբեր 7-ին ԱՊՀ-ի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստը պիտի ղեկավարէ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը։