Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան կը կարծէ, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու իր գործընկեր Տանըլտ Թրամփի հետ յաջորդ շաբաթ նախատեսուած հանդիպումը պիտի նպաստէ հակամարտութիւններու լուծման։ Այս մասին ան գրած է թրքական NSosyal ընկերային ցանցին մէջ։
«Հաւաստիացած եմ, որ նախագահ Թրամփի հետ հանդիպումը պիտի նպաստէ մեր շրջանին մէջ պատերազմներու եւ հակամարտութիւններու դադրեցման՝ համընդհանուր խաղաղութեան մեր ընդհանուր տեսլականի եւ մեր երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան հետագայ ամրապնդման ծիրէն ներս»,– նշած է Էրտողան։
Ան նաեւ յայտնած է, որ Սպիտակ Տան մէջ կայանալիք հանդիպման ընթացքին պիտի քննարկուին շարք մը հարցեր, ներառեալ՝ առեւտուրը, ներդրումները եւ պաշտպանական արդիւնաբերութիւնը։