Ճափոնի վարչապետ Ֆումիօ Քիսիտա յայտարարած է, որ սեպտեմբերին պիտի չառաջադրէ իր թեկնածութիւնը իշխող Լիպերալ-դեմոկրատական կուսակցութեան նախագահի ընտրութիւններուն։ Այդ կը նշանակէ, որ ան պիտի հեռանայ՝ երեք տարի վարչապետի պաշտօնը զբաղեցնելէն յետոյ։ Այս մասին հաղորդած է Kyodo գործակալութիւնը։
«Որպէս առաջին քայլ՝ ցոյց տալու հանրութեան, որ Լիպերալ-դեմոկրատական կուսակցութիւնը փոխուած է, ես որոշած եմ չմասնակցիլ նախագահի ընտրութիւններուն», - ըսած է Քիսիտան մամուլի ասուլիսի ժամանակ։
Ան չէ ըսած, թէ ով կը տեսնէ կուսակցութեան յաջորդ նախագահի եւ երկրի վարչապետի պաշտօնին։
Լիպերալ-դեմոկրատական կուսակցութիւնը, որ ճափոնի մէջ կ'իշխէ 1955 թուականին հիմնադրումէն ի վեր, վերջին ամիսներուն ներգրաւուած եղած է քաղաքական լուրջ սկանտալի մէջ։ Կուսակցութեան երկու ամենաազդեցիկ խմբակցութիւնները մեղադրուած են, որ անոնք, ինչպէս հարկն է, չեն յայտարարագրած իրենց եկամուտներն ու ծախսերը եւ միլիոնաւոր տոլարի քաղաքական հանգանակութիւններու մասին սխալ հաշուետուութիւն ներկայացուցած են։ Այս ամէնուն պատճառով կառավարութեան վարկանիշն իջած է՝ հասնելով 20%-ի։ Քանի մը նախարարներ, փոխնախարարներ եւ կուսակցութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներ հրաժարական տուած են։ Անոնք բոլորը եղած են կուսակցութեան այն խմբակցութենէն, որ կը գլխաւորէր սպաննուած նախկին վարչապետ Սինձօ Ապէն։