Եւրոմիութիւնը (ԵՄ) պիտի փակէ ճանապարհը դէպի միութիւն Վրաստանի համար, եթէ երկրի իշխանութիւնները շարունակեն ներկայ գործողութիւնները։ Այդ մասին յայտարարած է ԵՄ դիւանագիտութեան ղեկավար Ժոզեփ Պորելը Լիւքսեմպուրկի մէջ՝ միաւորման երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու նիստէն առաջ։
Դիւանագէտը նշած է. «Այսօր ԵՄ երկիրները ոչ մէկ յստակ որոշում պիտի կայացնեն, խօսքը իրավիճակի եւ հնարաւոր միջոցներու շուրջ քննարկումներու մասին է»: Պորել միաժամանակ չէ բացառած, որ շուտով կրնան սահմանափակուիլ Վրաստանին ֆինանսական աջակցութիւնը Խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամէն, ինչպէս նաեւ քաղաքական բարձր մակարդակի շփումները:
Ան խոստացած է քննարկման արդիւնքներու մասին յայտնել նիստէն ետք:
Յիշեցնենք, որ քաղաքական լարուածութեան պատճառը «Օտարերկրեայ ազդեցութեան թափանցիկութեան» մասին օրէնքն է, որ Վրաստանի մէջ ուժի մէջ մտած է յունիսի սկիզբէն։ ԱՄՆ-ն այդ օրէնքի պատճառով արդէն պատժամիջոցներ սահմանած է Թիֆլիսիի նկատմամբ։