image
Հրատապ լուրեր:

ԵՄ-ն հաստատեց Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու 19-րդ փաթեթը

ԵՄ-ն հաստատեց Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու 19-րդ փաթեթը

Եւրոմիութեան դիւանագիտութեան ղեկավար Քայա Քալաս հոկտեմբեր 23-ին յայտարարած է, որ հաստատուած է Ռուսիոյ դէմ սահմանուած պատժամիջոցներու 19-րդ փաթեթը։

«Մենք հիմա նոր վաւերացուցինք 19-րդ պատժամիջոցներու փաթեթը։ Ատոնք ուղղուած են ռուսական դրամատուներու, քրիփթո-սակարաններու, ինչպէս նաեւ Հնդկաստանի եւ Չինաստանի մէջ գործող կառոյցներու դէմ»,-գրած է ան X ընկերային ցանցի իր էջին։

Քալաս աւելցուցած է, որ նոր պատժամիջոցներու շնորհիւ պիտի սահմանափակուի ռուս դիւանագէտներու տեղաշարժի ազատութիւնը Եւրոմիութեան տարածքին մէջ։

Ըստ Bloomberg-ի տուեալներուն՝ պատժամիջոցներու 19-րդ փաթեթը «արգելք կը սահմանէ օգտագործուած ռուսական օդանաւերու եւ նաւերու վերաապահովագրութեան վրայ, ամբողջովին կ՚արգելափակէ հինգ ռուսական դրամատուներու գործառնութիւնները, ինչպէս նաեւ կ՚երկարաձգէ Ռուսիոյ ազգային վճարային համակարգերու եւ Պելառուսիոյ ու Ղազախստանի մէջ գործող երրորդ երկիրներու դրամատուներու հետ գործարքներու վրայ դրուած արգիլքը»։

Գործակալութեան համաձայն՝ սահմանափակող միջոցառումները կը վերաբերին նաեւ «45 ձեռնարկութիւններու, որոնք կ՚օգնեն Ռուսիոյ շրջանցել պատժամիջոցները»։ Ատոնց շարքին կան Չինաստանի տասներկու ընկերութիւններ։

Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լայեն նոյն օրը յայտարարած է, որ Ռուսիոյ դէմ հաստատուած այս 19-րդ փաթեթը առաջին անգամ միջոցներ կը նախատեսէ ռուսական կազի ոլորտի դէմ։

«Առաջին անգամ կը գործենք ռուսական կազի ոլորտի՝ Ռուսիոյ ռազմական տնտեսութեան սրտին դէմ», - գրած է ան X ընկերային ցանցին էջին։

Ֆոն տեր Լայեն վստահեցուցած է, որ Եւրոմիութիւնը պիտի շարունակէ աջակցիլ Ուքրանիոյ՝ մինչեւ երկարատեւ խաղաղութեան հաստատումը։