image

ԵՄ-էն կոչ Երեւանին եւ Պաքուին շրջելու թշնամութեան էջը

ԵՄ-էն կոչ Երեւանին եւ Պաքուին շրջելու թշնամութեան էջը

Եւրոպական Միութիւնը կոչ ըրած է Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին շրջելու թշնամութեան էջը եւ շարունակելու հաշտեցման ջանքերը կանխելու մարդկային կեանքերու հետագայ անհարկի կորուստները։ Այս մասին ըսուած է Եւրոպական արտաքին քաղաքական ծառայութեան պաշտօնական յայտարարութեան մէջ:

«ԵՄ-ը կ'ողջունէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան ձեռնարկած բազմաթիւ քայլերը, որոնք ուղղուած են տարաձայնութիւնները յաղթահարելուն եւ տարածաշրջանին մէջ կայուն ու երկարատեւ խաղաղութեան հասնելուն: ԵՄ-ը բարձր կը գնահատէ անոնց կայուն ներգրաւուածութիւնը տարբեր մակարդակներու եւ ձեւաչափերով ընթացող բանակցութիւններու մէջ: Թէեւ բանակցութիւններն ակնյայտօրէն բարդ են եւ ժամանակ կը պահանջեն, բայց կարեւոր է չկորսնցնել պահը, համաձայնեցնել յստակ քայլերը եւ ապահովել անվտանգ, ապահով ու բարեկեցիկ միջավայր՝ ի շահ տարածաշրջանի բնակչութեան»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

ԵՄ կողմերուն կրկին կոչ կ'ընէ մեղմելու հռետորաբանութիւնը եւ խուսափելու լարուածութեան ցանկացած անհարկի սրացումէ՝ զերծ մնալով իրարու հասցէին սպառնալիքներ կամ մեղադրանքներ հնչեցնելէ եւ ռազմական սադրանքներ,  գործողութիւններ իրականացնելէ:

Յայտարարութեան մէջ ըսուած է նաեւ, որ ԵՄ պիտի շարունակէ աշխոյժ ներգրաւուածութիւն ունենալ եւ արձագանգել երկու կողմերու ցանկութիւններուն, աջակցիլ անոնց բոլոր չլուծուած խնդիրներու համապարփակ եւ արդարացի կարգաւորման՝ ուղղուած իրենց աշխատանքին մէջ։