Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները նոր սահմանափակումներ սահմանած են Նիւ Եորք ժամանող իրանական պատուիրակութեան համար, մասնաւորապէս՝ արգիլելով անոնց գնումներ կատարել շքեղ խանութներէ եւ մեծածախ խանութներէ։ Այս մասին կը հաղորդէ Al Arabiya-ն։
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի քարտուղարի տեղակալ Թոմի Փիկոթի խօսքով՝ այս քայլը Իրանի ղեկավարութեան վրայ գործադրուող «առաւելագոյն ճնշման քաղաքականութեան» մէկ մասն է։
«Իրանի մէջ հոգեւորականները շռայլօրէն կը ծախսեն արտասահմանի մէջ, մինչդեռ երկրի բնակչութիւնը կը բախի աղքատութեան, քայքայուող ենթակառուցուածքներու, ջուրի եւ ելեկտրականութեան պակասի»,– նշած է Փիկոթը։
Պատուիրակութեան տեղաշարժը նոյնպէս սահմանափակուած է․ եթէ առաջ անոնք կրնային ազատ տեղաշարժիլ ՄԱԿ-ի շէնքի, Իրանի առաքելութեան, դեսպանի նստավայրի եւ Ճոն Ֆ. Քենետիի միջազգային օդակայանին միջեւ, այժմ անոնց երթուղիները զգալիօրէն սահմանափակուած են։
«Ամերիկացիներու անվտանգութիւնը կը մնայ մեր գլխաւոր առաջնահերթութիւնը»,– ընդգծած է Փիկոթը։
Նախարարութեան ներկայացուցիչը նշած է, որ որոշումը կայացուցած է անմիջապէս Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն։