image

Էլիզապէթ Բ.ն Թագուհին ISIS-ի Թիրախ

Էլիզապէթ  Բ.ն Թագուհին    ISIS-ի Թիրախ

 Բրիտանիա- («Տէյլի Մէյլ»- Լոնտոն)    Բրիտանիա  հրապարակուող     թերթին հաղորդմամբ   ISIS  ահաբեկչկան խմբաւորումը  նպատակադրած է  ահաբեկչական արարք մը    իրականացնել  Մեծն Բրիտանիոյ   Էլիզապէթ  Երկրորդ թագուհիին դէմ: Թերթը նաեւ   կը հաղորդէ, որ  ISIS խմբաւորումը նպատակ ունէր    ահաբեկչական գործողութիւնը իրականացնել Լոնտոնի մէջ  նշուող  «Ճափոնի  Մէջ Յաղթանակ»ի օրուան  յատուկ փառատօնին ընթացքին: Նշենք,  որ  փառատօնը   պիտի կայացուէր  յառաջիկայ  Շաբաթ օր  եւ  փառատօնին կը մասնակցին     հազարի հասնող  վեթերաններ եւ Բրիտանիոյ ազգային բանակի   անդամներ:  Մինչեւ այս պահը տեղեկութիւններ չեն փոխանցուիր փառատօնին առկախման մասին: