image

ԵԽ-ն 2,8 միլիոն եւրո յատկացում Հայաստան հաստատուած արցախցիներուն

ԵԽ-ն 2,8 միլիոն եւրո  յատկացում Հայաստան հաստատուած  արցախցիներուն

Ապրիլ 11-ին Եւրոպայի խորհուրդը պիտի ներկայացնէ Հայաստան փախստականներու ներհոսքին արձագանգելու ԵԽ միջոցառումներու համալիր փաթեթը, որու ընդհանուր պիւտճէն կը կազմէ 2,8 միլիոն եւրօ, յայտնած է Եւրոպայի խորհուրդի երեւանեան գրասենեակը։

Եւրոպայի խորհուրդն ընդգծած է 2023-ին բռնի տեղահանուած անձանց իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, յատկապէս խոցելի խումբերու մէջ ընդգրկուած փախստական երեխաներու եւ կանանց իրաւունքներու պաշտպանութիւնը։ Փաթեթի շրջածիրէն ներս աջակցութիւն պիտի տրամադրուի մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան հաստատութիւններուն։ Նշուած է նաեւ Հայաստանի առողջապահութեան համակարգի մէջ Ղարաբաղէն բուժաշխատողներու լիարժէք համարկման եւ հոգեբանական աջակցութեան տրամադրման մասին։