Եգիպտոսի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ կը մերժէ բազմակողմ միջազգային համակարգի մեխանիզմների շրջանակէն դուրս տնտեսական պատժամիջոցներու կիրառման մօտեցումը` հիմնուելով անցեալի փորձի վրայ, «որոնք մարդասիրական ծանր բացասական հետեւանքներ ունեցած են», Ուքրանիոյ մէջ ռուսական ռազմական գործողութեան առնչութեամբ Մակ-ի մէջ՝ բանաձեւի օգտին քուէարկելէ յետոյ:
Յայտարարութեան մէջ Եգիպտոսի Ագն-ն պարզաբանած է ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի բանաձեւին աջակցող իր դիրքորոշման հիմնաւորումը` ընդգծելով, որ «պէտք չէ անտեսուին ներկայիս ճգնաժամի արմատներն ու պատճառները եւ անոնց հետ պէտք է վարուիլ որպէսզի այն երաշխաւորէ ճգնաժամի լիցքաթափումը եւ անվտանգութեան ու կայունութեան ձեռքբերումը»:
Ան կոչ ըրած է բոլոր կողմերուն ստանձնելու «պատշաճ պատասխանատուութիւնը` ապահովելու մարդասիրական օգնութեան հոսքը բոլոր կարիքաւորներուն` առանց որեւէ խտրականութեան, միաժամանակ ապահովելու օտարերկրեայ բնակիչներու անխափան անցումը սահմանով»:
Ան նաեւ կրկնած է «ներկայիս ճգնաժամի տնտեսական եւ ընկերային հետեւանքներուն մասին» նախազգուշացումը ամբողջ համաշխարհային տնտեսութեան վրայ, որ տակաւին կը տառապի համաճարակի հետեւանքներէն»: