image

Եղանակը Հայաստանի մէջ պիտի տաքնայ

Եղանակը Հայաստանի մէջ պիտի  տաքնայ

Հանրապետութեան տարածքին օդի ջերմաստիճանը կը շարունակէ կլիմայական բնականէն ցած մնալ 6-8 աստիճանով: 

Ցած ջերմային վիճակը պիտի պահպանուի մինչեւ Մարտ 28-ը ներառեալ: Անցեալ գիշեր Տաշիրի հատուածին մէջ նուազագոյն ջերմաստիճանը հասած է -18, Ապարանի, Ծաղկահոիոտի եւ Ճամբարակի մէջ` մինչեւ -14 աստիճանի:

Մարտ 29-էն սկսեալ` Հայաստանին արեւադարձային լայնութիւններէն կը մօտենան տաք օդային հոսանքներ: Անոնց ներթափանցումը պիտի սկսի Մարտ 29-էն եւ պիտի շարունակուի մինչեւ Ապրիլ 3 ներառեալ: Տաք օդային հոսանքներու ներթափանցմամբ պայմանաւորուած` Մարտ 29-էն Ապրիլ 3 ինկած ժամանակահատուածին աստիճանաբար օդի ջերմաստիճանը այս օրերուն հետ համեմատ հանրապետութեան ամբողջ տարածքին պիտի բարձրանայ 15-20 աստիճանով: