image

Եղանակին պատճառով արտակարգ վիճակ Դիլիջանի մէջ

Եղանակին  պատճառով արտակարգ վիճակ Դիլիջանի մէջ

Հայաստանի մէջ տեղացած առատ ձիւնին հետեւանքով արտակարգ իրավիճակ ստեղծուած է Տաւուշի մարզին մէջ:  

Ըստ shamshyan.com-ին Դիլիջանի ոլորաններուն՝ ճանապարհի չմշակման պատճառով, քանի մը քիլոմեթրնոց խցանում առաջացած է,  ու պատճառներէն մէկն ալ այն է, որ բեռնատարներու կողմէն ճանապարհը «կտրուած» եղած է:

Դիլիջանի փապուղիէն Իջեւան հատուածին, տեղւոյն վրայ աշխատած են Ճանապարհային ոստիկանութեան 2-րդ սպայական գումարտակի 4-րդ վաշտի ծառայողները,  իսկ Իջեւանէն Դիլիջան՝ 2-դ դասակի ծառայողները: 

Մինչ ճանապարհային ոստիկաններու ժամանումը, քաղաքացիները իրենց ուժերով փորձած են արգելափակուած բեռնատարը ուղղել, որպէսզի յետոյ հնարաւոր ըլլայ բանալ ճանապարհն ու երթեւեկել: