Կազայի հատուածին մէջ պաղեստինեան «Համաս» շարժման առաջնորդ Եահիա Սընուարն ընտրուած է ծայրայեղական այդ շարժման քաղբիւրոյի ղեկավարի պաշտօնին։
Համապատասխան յայտարարութիւնը հրապարակուած է «Համաս»-ի թելեկրամեան ալիքին։
«Եահիա Սընուարն ընտրուած է շարժման քաղբիւրոյի ղեկավարի պաշտօնին՝ մահացած Իսմայիլ Հանիյէի փոխարէն»,-ըսուած է փաստաթուղթին մէջ։