Քաղաքական նոր խմորումներ տեղի կ'ունենան Իսրայէլի մէջ: Այս մասին կը գրէ Լոնտոն հրապարակուող «Շարըք Ալ Աուսաթ»ը: Թերթը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Մոշէ Եահալոնի՝ իր պաշտօնէն հրաժարումէն ետք քաղաքական հարթակին վրայ սկսած են նոր խմորումներ երեւիլ: Աղբիւրին համաձայն, Եահալոն Եայիր Լէպէնի եւ Ժատհոն Սահէրի նման գործիչներու նեցուկով պիտի փորձէ քաղաքական նոր կուսակցութիւն մը հիմնել, որուն մէջ պիտի ընդգրկուին աջ-լիպերալներ եւ ներկայ վարչապետ Նաթանիահույի գործելաոճէն դժգոհ այլ քաղաքական ուժեր: Կը նշուի նաեւ, որ ղեկավարած Լէպէտի «Ապագայ գոյութիւն ունի կուսակցութիւնը», որ ներկայիս խորհրդարանին մէջ ունի 11 աթոռ, կը պատրաստուի յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Եահալոնի եւ անոր խմբակիցներուն գլխաւոր նպատակն է վար առնել գործող վարչապետ Բէնիամին Նաթանիահուն, որովհետեւ անոր ղեկավարած «Լիքուտ»ը դարձած է «ֆաշիստ եւ ծայրայեղական կուսակցութիւն մը»: