Այս եզրայանգման համար հիմք են Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի, Արցախի իրաւապահ մարմիններու վերջին օրերու յայտարարութիւնները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի ուսումնասիրութիւններն ու ահազանգերը:
Մասնաւորապէս, ատրպէյճանական հեռախօսահամարներէ կազմակերպուած ձեւով կը զանգահարեն Արցախ բնակող մարդոց հեռախօսահամարներուն եւ կ'առաջարկեն գնել անոնց բնակարաններն ու խանութները։ Անոնք անձնական տուեալները կը վերցնեն նաեւ մարդոց ընկերային ցանցերու էջերէն: Աւելին, «Ֆեյսպուք» ընկերային ցանցին մէջ աշխոյժացած են որոշ էջեր, որոնք եւս նպատակ ունին հոգեբանական ճնշում գործադրել Արցախի մէջ ապրող մարդոց վրայ։
Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ ատրպէյճանական իշխանութիւններու այս նոր վտանգաւոր քաղաքականութեան վրայ: