Սագօ Արեան
Լաւ լուր Լիբանանահայութեան համար։
Երկրի առողջապահութեան նախարարը ստորագրած է համաձայնագիր, որուն հիմամբ «Քորոնա»ի դէմ Pfizer տիպի պատուաստները Պէյրութ պիտի հասնին Փետրուար ամսուան սկիզբը։ Նախնական տուեալներով պատուաստներու առաջին խմբաքանակը պիտի բաղկանայ 2 100 հազար պատուաստէ։ Նշեմ նաեւ, որ երկրի առողջապահութեան նախարարը, որ շատ արի եւ աշխատասէր նախարար մըն է, ներկայիս «Քորոնա»ով վարակուած է եւ կը գտնուի հիւանդանոցը։
Համատ Հասան կը համարուի Հասան Տիապի հրաժարեալ կառավարութեան «Հըզպալլա»ի բաժին ինկած նախարարական աթոռի ներկայացուցիչ։
Նախարար մը, որ իր ջանասիրութեամբ մէկդի շպրտեց բոլոր տիպի քաղաքական «նազ-տուզ»ութիւնները եւ դարձաւ բոլոր Լիբանանցիներուն քաջարը նախարարը։
Յ.Գ. Յետոյ ինծի չըսէք, որ ինչու համակրանք ունիմ իմ շիիթ եղբայրներուն հանդէպ։ Զօրով չէ։
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսվել