image

Դէմ ենք միջազգային սահմաններու փոփոխութեան եւ տարածաշրջանի մէջ աշխարհաքաղաքական որեւէ փոփոխութեան. ՀՀ-ի մէջ Իրանի դեսպան

Դէմ ենք միջազգային սահմաններու փոփոխութեան եւ տարածաշրջանի մէջ աշխարհաքաղաքական որեւէ փոփոխութեան. ՀՀ-ի մէջ Իրանի դեսպան

Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանը իրանեան SNN գործակալութեան հետ հարցազրոյցին անդրադարձած է Հայաստանի եւ Իսլամական Հանրապետութեան յարաբերութիւններուն: Մեհտի Սոպհանին շեշտած է՝ Հայաստանը Իրանի անմիջական հարեւան է, եւ հակառակ որ երկու երկրի միջեւ սահմանը ամենակարճն է, այնուհանդերձ, ամենայուսալին է եւ կը կոչուի «յոյսի սահման»:

«Միշտ լաւ յարաբերութիւններ ունեցած ենք հայերու եւ Հայաստանի հետ, եւ ատոնք միայն կ՚ամրապնդուին»,- նշած է դեսպանը: Ան գոհունակութիւն յայտնած է, որ երկիրներու միջեւ Ագարակ-Քաջարան ճանապարհի կառուցման մասին պայմանագիր կնքուած է։ Սոպհանին նաեւ նշած է, որ աւարտին հասցուած են շարք մը փոքր եւ մեծ նախագիծեր, որոնց արժէքը 36 միլիոն տոլար է: Ան որպէս օրինակ բերած է Մեղրիի մաքսատան զարգացումը:

«Հայաստան-Իրան պաշտօնական առեւտուրը 200 միլիոն տոլարէն հասած է 700 միլիոն տոլարի: Անցեալ ամառ մինչեւ 2030 թուական երկարաձգուած է Կազի եւ ելեկտրական ուժանիւթի փոխանակման պայմանագիրը: Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ ելեկտրահաղորդման երրորդ գիծն ալ շուտով պատրաստ պիտի ըլլայ: Իրանէն Հայաստան կազի արտահանումը պիտի կրկնապատկուի»,- մանրամասնած է դեսպանը:

Անոր խօսքով՝ Հայաստանէն ելեկտրական ուժանիւթի ներմուծմամբ ալ պիտի լուծուի Իրանի հիւսիսային շրջաններու ելեկտրականութեան պակասի խնդիրը: «Հայաստանի հարաւային շրջանը ռազմավարական տարածաշրջան է, որու անվտանգութիւնը կապուած է Իրանի հետ», -աւելցուցած է Մեհտի Սոպհանին:

Ան անդրադարձած է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան օրակարգին, նշած՝ Թեհրանը կ՚աջակցի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան, երկիրներու միջեւ ընթացող բանակցութիւններուն, դէմ է միջազգային սահմաններու փոփոխութեան եւ տարածաշրջանին մէջ աշխարհաքաղաքական որեւէ փոփոխութեան:

«Տարածաշրջանի հարցերը պէտք է լուծուին ներսը, քանի որ ատոր հետեւանքները պիտի զգան տարածաշրջանի երկիրները, ոչ թէ արտատարածաշրջանային երկիրները, ինչպիսին ԱՄՆ-ն է»,- շեշտած է պաշտօնեան: