image

Դամասկոսի հետ յարաբերութիւնները վերելք կ'ապրին. Ապտըլ Լահեան

Դամասկոսի հետ յարաբերութիւնները վերելք կ'ապրին. Ապտըլ Լահեան

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հըսէյն Ամիր Ապտըլ Լահեան ժամանած է Դամասկոս եւ յայտարարած, որ Իրանի առաջնահերթութիւնը ռազմավարական կապերու ամրապնդումն է Ուքրանիա Ռուսաստանի ներխուժումէն յետոյ փոփոխուող համաշխարհային ասպարէզին մէջ:

Ապտըլ Լահեան ըսած է, որ Իրանը Սուրիոյ հետ կանգնած է «նոյն խրամատին մէջ», եւ, որ Դամասկոսի հետ յարաբերութիւնները վերելք կ'ապրին:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆէյսալ Մըքտատ իր հերթին յայտնած է, որ Ուքրանիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակն ու անոր հետեւանքներն են դաշնակից Իրանի պաշտօնակիցին հետ բանակցութիւններու թեման:

Նախագահ Պաշշար Ասատ աւելի քան 10 տարի անց յաջողեցաւ թուլցնել Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմը, հիմնականին մէջ իրանամէտ զինեալ խմբաւորումներու եւ Մոսկուայի ռազմական միջամտութեան շնորհիւ: