ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Տաւուշի մարզ այցի շրջածիրէն ներս ծանօթացած է գեղազարդային բոյսերու արտադրութեան ներդրումային ծրագրին:
««Պերրի ուորլտ» ընկերութեան սեփականատէրերու կողմէ գեղազարդային բոյսերու արտադրութեան ներդրումային ծրագիրը նոր թափ ստացած է։ Չմշակուող հողատարածքները վերածուած են դրախտավայրի։
Ընկերութիւնը այժմ աշխատանքներ կ՚իրականացնէ շուրջ 16 հա ծաւալով, իսկ նպատակը մինչեւ 70 հա ընդլայնուիլն է»,-դիմատետրի էջին տեղեկացուցած է վարչապետը: