image
Հրատապ լուրեր:

Չինաստանի Շիան քաղաքին մէջ. Հայկական արժէքները ներկայացնող ցուցահանդէս (Լուսանկարներ)

Չինաստանի Շիան քաղաքին մէջ. Հայկական արժէքները ներկայացնող ցուցահանդէս (Լուսանկարներ)

Չինաստանի թանգարաններու միջազգային օրը, Շանկսի նահանգի Շիան քաղաքին մէջ բացուած է «Ծաղկած նռնենին՝ Նոյի երկրէն» խորագրով ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուած են Երեւանի Պատմութեան թանգարանի հաւաքածոյէն 94 բացառիկ ցուցանմուշներ։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Փարիզ հրապարակուող «Նոր Յառաջ»էն, որ մասնաւորապէս գրած է՝

Չինաստանի թանգարաններու միջազգային օրը՝ Մայիս 18-ին, Շանկսի նահանգի Շիան քաղաքին մէջ բացուած է «Ծաղկած նռնենին՝ Նոյի երկրէն» խորագրով ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուած են Երեւանի Պատմութեան թանգարանի հաւաքածոյէն 94 բացառիկ ցուցանմուշներ՝ 18-20-րդ դարերու աւանդական տարազներ, գորգեր, արծաթեայ զարդեր, ասեղնագործութիւն, սպասք:

Ցուցահանդէսը կազմակերպուած է «Հայ-չինական գործընկերութեան կեդրոն»-ի, Երեւանի Պատմութեան թանգարանի եւ Շիանի թանգարանի միջեւ կնքուած համագործակցութեան պայմանագրին համաձայն։

Բացման արարողութեան ներկայ եղած են պաշտօնական հիւրեր, արուեստագէտներ, մշակոյթի գործիչներ, այցելուներ։

Բացման օրուընէ ի վեր ցուցահանդէսին օրական այցելուներու թիւը գերազանցած է տասը հազարը:

Բացման արարողութենէն ետք, Պատմութեան թանգարանի փոխտնօրէնը երկժամեայ դասախօսութեամբ ներկայացուցած է Հայաստանի եւ մայրաքաղաքի պատմութիւնն ու մշակոյթը։

Ցուցահանդէսը բաց կը մնայ մինչեւ Օգոստոս 18։